Sunday School 2015 PR

IMG_20150829_092040

Գանատայի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներու
Միօրեայ սեմինար

«Ձգեցէք որ մանուկները ինծի գան,
արգելք մի՛ ըլլաք անոնց,
որովհետեւ այդպիսիներուն է Աստուծոյ Արքայութիւնը»
Մարկոս 10.13-15

Հովանաւորութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի եւ Ազգային Վարչութեան, Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական եւ Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդներու կազմակերպութեամբ եւ համադրութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեանի, տեղի ունեցաւ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու կրօնական եւ հայեցի դաստիարակութեան նուիրուած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու միօրեայ աշխատանոց-հաւաք, Շաբաթ, 29 Օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-13։00, Առաջնորդարանէն ներս։

Աշխատանոցին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ եւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ դպրոցներու տնօրէններն ու ուսուցչական կազմերը։

Բացման աղօթքով եւ գնահատական մղիչ խօսքերով աշխատանոցին բացումը կատարեց Հայր Սուրբը, որմէ ետք, ներկայացուց 2015-2016 տարեշրջանի ծրագիրը եւ անոր ամբողջացնող աղբիւրները, դասագիրքերը, Սուրբ գրային խորհրդածութիւն-ները եւ սուրբերն ու ազգային տօները։

Երկրորդ բաժինով, տիկին Սոնիա Գիլէճեան Աճէմեան ներկայացուց այն դասագիրքերը, որոնք պիտի գործածուին մեր դպրոցներէն ներս եւ դասաւանդման՝ «գաղտնիք»ները։ Երրորդ բաժնով, տիկին Սեմալին Պէքարեան Չօգագլեան ներակայացուց սաղմոսներ դասաւանդելու արդիական միջոցները։

IMG_20150829_095716 IMG_20150829_105154 IMG_20150829_110154



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us