St. Kevork Church of Laval Welcomes its Permanant Pastor

Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ
Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեան
կը ժամանէ Լաւալ

IMG_20140713_124933Կիրակի, 13 Յուլիս 2014-ին, Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեան, մատուցեց իր անդրանիկ պատարագը՝ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ համայնքին։

Աւազանի անունով Դաւիթ, ան ծնած է 1988-ին, Սուրիա՝ Եագուպիէ հայկական գիւղին մէջ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է գիւղի «Վերածնունդ» վարժարանէն ներս։ Դպրեվանք ընդունուած է 2002-2003 տարեշրջանին։ Աւարտած է 2010-ին։ 2010-2011 տարեշրջանին, Դպրեվանքի մէջ հսկիչութեան պաշտօն ստանձնած է։ 2011-ի ամառը, պսակուած է եւ բախտաւորուած զաւակով մը։

2 Հոկտեմբեր 2011-ին, քահանայ օծուած է Լիբանանահայութեան ծառայելու նպատակով։ Մինչեւ Յունիս 2014 թուականը Լիբանանի գաղութին ծառայելէ ետք, այժմ կ՚ընդունուի եւ կը լծուի Գանատայի Հայոց Թեմի, Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ ծառայութեան, դառնալու համար մեր ժողովուրդի խոնարհ ծառաներէն եւ մշակներէն մէկը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայացուց Տէր Հայրը եւ իր խօսքը ուղղելով Տէր Հօր, ըսաւ. «դուք միայն ծառայութեամբ պիտի զբաղիք, եկեղեցւոյ մաքրութենէն մինչեւ հաւատացեալներու հոգիներու մաքրութեամբ։ Յաջողելու համար ալ, միայն ու միայն պիտի աղօթէք»։

Յանձնարարեց նաեւ բոլոր հաւատացեալներուն, որ Տէր Հօր շուրջ պէտք է համախմբուին եւ չի մթագնեն անոր կեանքը, որովհետեւ, Տէր Հօր յաջողութիւնը պիտի ըլլայ համայն գաղութի յաջողութիւնը, իսկ ձախողութինը՝ միայն ու միայն գաղութին եւ ոչ Տէր Հօր։

Փակելով իր խօսքը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Ով Տէր քու արքայութիւնդ թող գայ, որուն կարօտ ունինք … Ալէլուա, Ալէլուա, Ալէլուլիա»։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us