ST. CATHERINES

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ՝
ST. CATHERINES-Ի ՄԷՋ

St.-Catharines

Կիրակի, 11 Յունուար 2015¬ի կէսօրուան ժամը 1։00¬ին, մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, St. Catherines¬ի Ս. Պօղոս Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Պատարագ, ներկայութեամբ Թորոնթոյի Հոգեւոր Հովիւին, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչին, շրջանի Հոգաբարձութեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, Սարկաւագներու եւ Դպրաց Դասի անդամ¬անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ աւելի քան 50 հաւատացեալներու։ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Գանատայի Հայոց Տիրախնամ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան։

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ ջրօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւն։ Ապա, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր Հայրական պատգամին մէջ առաջին հերթին շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը, մաղթելով ամենայն բարիք, յաջողութիւններով լեցուն տարի մը։

Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, Հ.Օ.Մ.¬ի «Արազ» Մասնաճիւղի Շաբաթօրեայ Դպրոցի ամանորեայ հանդէսն ու ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ, որուն Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ շրջանէն ներս այսպիսի նախաձեռնութիւններ առաւել եւս կազմակերպել ու շրջանը ծաղկեցնել։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us