Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2013-ին, Լաւալահայ համայնքը ապրեցաւ պատմական գեղեցիկ օր մը, երբ տարիներու երկար ծրագրումէ ետք, տեղի ունեցաւ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հողօրհնէքի արարողութիւնը՝ նախագահութեամբ եւ ձեռամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ, Տ. Խաժակ Սրբ. Արք. Յակոբեանի։
Եպիսկոպոսական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ արարողութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին, Տ. Մեղրիկ Ծ. Վրդ. Բարիքեան՝ Հոգեւոր Տեսուչ Օնթարիոյ Նահանգի, Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան՝ ժամանած Անթիլիասէն եւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեանը։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քարոզի ընթացքին ըսաւ. «երկար տարիներէ ի վեր սպասուած առաջին իրապաշտ քայլն է որ կ’արնենք այսօրեւ փառք կու տանք Աստուծոյ, որ արժանի դարձուց մեզի տեսնելու այս օրը։ Պիտի օրհնենք մեր հողը, որպէսզի վաղը հոն կառուցուի Լաւալի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ նոր կառոյցը, եկեղեցին որ պիտի ըլլայ Տիրոջ տունը, հրեշտակներու բնակարանը, մեղաւորներու քաւարանը եւ հոգիներու փրկիչը։ Եկեղեցւոյ մէջ պիտի դառնանք ընտանիք, բռունձք եւ յաղթականօրէն պիտի կանգնեցնենք Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթող մը։ Հպարտ կը զգանք այդ իրագործումին դիմաց կանգնելով եւ կ’ըսենք՝ հայութիւնը ողջ է, կը յաղթանակէ եւ կը գործէ։ Միայն այդ չէ որ մեր սրտերը հպարտութեամբ կը լեցնէ, այլ օտարները եւս պիտի տեսնեն ու ըսեն՝ հոս հայութիւն կայ, հոս հայութիւնը կ’ապրի…։ Խաժակ Արքեպիսկոպոս իր փակման խօսքով ըսաւ՝ այս եկեղեցին կը շինենք յաւերժութեան համար, հոն է որ ձեր մանուկները պիտի մկրտուին, երիտասարդ նոր ընտանիքներ պիտի կազմեն, մխիթարութիւն պիտի փնտրէք, դառնութիւնները պիտի թօթափէք եւ սիրով լեցուած պիտի երթաք դիմակալելու բոլոր դժուարութիւնները։ Մեր ազգի գոյատեւման համար պիտի կառուցենք եկեղեցին եւ պիտի ըլլայ առաջինը Նահատակաց 100-ամեակին ու Լաւալահայութիւնը ցոյց պիտի տայ ըսելով որ ոտքի ելլանք ու մեր հաւատքին ու ազգին համար տուն կառուցեցինք։»
Պատարագէն անմիջապէս ետք, թափորով եկեղեցական դասը եւ հաւատացեալները ուղղուեցան Լաւալի Հայ Կեդրոն ուր կատարուեցաւ պաշտօնական Հօղօրհնէքի արարողութիւնը, որուն նաեւ իրենց մասնակութիւնը բերին Արժանապատիւ Հայրեր՝ Տ. Արմէն Աւ. Քհնյ. Իշխանեան, Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան եւ Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան: Խօսք առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւը եւ շրջանի պատկան մարմիններու կողմէ պրն. Զարեհ Տէրվիշեանը:
Առաջին բահը զառնուեցաւ հողին եւ խառնուեցաւ Հայաստանէն յատուկ կերպով բեռուած Խոր Վիրապի վանքէն ափ մը հողին: Այս առթիւ, Ազնուափայլ տիկին Հերմինէ Վարդանեան կատարեց առաջին խոստումը՝ $50,0000-ի եւ անոր յաջորդեց սրտափուխ այլ նուիրատուութիւններ:
Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը կը շարունակուի, ծառայելով մեր ժողովուրդին եւ երիտասարդութեան կարիքներուն, որպէսզի Հայ Եկեղեցւոյ ծառայութիւնը ըլլայ աւելի նպատակասլաց եւ օգտակար։
Լաւալահայութեան ընծայուած այս հողօրհնէքով, կը փոխանցուի մեր հողին, ջուրին, պատմութեան, իտեալներուն, հոգեկան ապրումներուն եւ մանաւանդ հայապահպանումի սրբազան առաքելութիւնը: