ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ
«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր
Պատահեցաւ որ Յիսուս տեղ մը կ’աղօթէր: Երբ աղօթելը վերջացուց, իր աշակերտներէն մէկը ըսաւ.– Տէ՛ր,
մեզի աղօթել սորվեցուր, ինչպէս որ Յովհաննէս Մկրտիչ իր աշակերտներուն սորվեցուց: Յիսուս ըսաւ.–
Երբ կ’աղօթէք, ըսէք.
«Հա՜յր մեր, սրբաբանուի՛ անունդ.
թող գայ արքայութիւնդ:
Ամենօրեայ մեր հացը շնորհէ՛ մեզի օրէ օր:
Եւ ներէ՛ մեր մեղքերը, քանի մենք ալ կը ներենք անոնց՝ որոնք մեզի դէմ նոյնպէս յանցանք գործած են:
Եւ թոյլ մի՛ տար որ փորձութեան մէջ իյնանք»:
Այս ացօթքը յայտնի է ՛՛Տէրունական Աղօթք՛՛ անունով, որովհետև զայն Տէրը սորվեցուց մարդոց: