ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ
«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

Դուք էք աշխարհի լոյսը: Լեռան վրայ շինուած քաղաք մը չի կրնար պահուըտիլ: Ոչ ոք ճրագը կը վառէ եւ կը
պահէ կաթսայի տակ. ընդհակառակը, զայն աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի տունին մէջ գտնուողներուն
լոյս տայ: Նոյնպէս ալ, ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ
փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է: Օրէնքի ճշմարիտ ուսուցումը– Մի՛ կարծէք թէ եկայ Մովսէսի
Օրէնքը կամ մարգարէներու ուսուցումները ջնջելու. չեկայ ջնջելու, այլ ամբողջացնելու: Հաստատ գիտցէք,
որ բոլոր Օրէնքն ու մարգարէութիւնները կէտ առ կէտ պիտի իրականանան՝ առանց բառ մը իսկ դուրս ձգելու,
մինչեւ գայ այն օրը, երբ այս երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին: Ով որ ամենափոքր պատուիրանն իսկ զանց
ընէ եւ ուրիշներուն ալ այդպէս սորվեցնէ, երկինքի արքայութեան մէջ յետինը պիտի նկատուի: Իսկ ով որ
գործադրէ պատուիրանները եւ ուսուցանէ, մեծ պիտի ըլլայ երկինքի արքայութեան մէջ: Կ’ըսեմ ձեզի.- Եթէ
Աստուծոյ պատուիրաններուն նկատմամբ ձեր հաւատարմութիւնը Փարիսեցիներուն եւ Օրէնքի
ուսուցիչներուն ունեցած հաւատարմութենէն աւելի չըլլայ՝ պիտի չմտնէք երկինքի արքայութիւնը:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us