ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ
«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

Յիսուս այս աղօթքը ընելէ ետք՝ իր աշակերտներուն հետ գնաց Կեդրոն կոչուած ձորին միւս կողմը: Հոն
պարտէզ մը կար, ուր Յիսուս մտաւ իր աշակերտներուն հետ: Յուդան՝ մատնիչը, գիտէր պարտէզին տեղը,
որովհետեւ շատ անգամ Յիսուս եւ իր աշակերտները հոն կը հա ւաքուէին: Ուստի, Յուդա իր հետ առնելով
զինուորներու գունդ մը եւ աւագ քահանա ներուն ու Փարիսեցիներուն կողմէ ղրկուած սպասաւորները, եկաւ
պարտէզ: Անոնք զինուած էին եւ ունէին ջահեր եւ լապտերներ: Յիսուս տեսնելով բոլոր մարդիկը, որոնք իր
վրայ կու գային, առաջ անցնելով ըսաւ.– Ո՞վ կը փնտռէք:–Նազովրեցի Յիսուսը,- պատասխանեցին անոնք:
Յիսուս ըսաւ.– Ես եմ: Յուդան՝ մատնիչը, անոնց հետ հոն կեցած էր: Երբ Յիսուս «Ես եմ» ըսաւ, անոնք ետ-
ետ քաշուեցան եւ գետին ինկան: Յիսուս դարձեալ հարցուց անոնց.– Ո՞վ կը փնտռէք:– Նազովրեցի
Յիսուսը,- պատասխանեցին անոնք: Յիսուս ըսաւ.– Ձեզի ըսի թէ ե՛ս եմ. արդ, եթէ զիս կը փնտռէք՝ ձգեցէք որ
ասոնք երթան: Այս ձեւով կ’իրականանար՝ ինչ որ Յիսուս նախապէս ըսած էր. «Պիտի չկորսնցնեմ ո՛չ իսկ
մէկը անոնցմէ որ ինծի տուիր»: Այն ատեն Սիմոն Պետրոս, որ սուր մը ունէր, քաշեց սուրը եւ զարկաւ
Քահանայապետին ծառային՝ կտրելով անոր աջ ականջը: Ծառային անունը Մաղքոս էր: Յիսուս ըսաւ
Պետրոսի.– Սուրդ իր պատեանը դիր. տառապանքի բաժակը, որ Հայրս տուաւ ինծի, պիտի չխմե՞մ կը կարծես:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us