ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ
«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

Երբ Յիսուս լսեց թէ Յովհաննէս բանտարկուեցաւ, մեկնեցաւ գնաց Գալիլեա, եւ ձգելով Նազարէթը, եկաւ
բնակեցաւ լիճին եզերքը գտնուող Կափառնաում քաղաքը, Զաբուլոնի եւ Նեփթալիմի սահմաններուն մէջ:
Այսպիսով իրականացաւ այն՝ ինչ որ Տէրը կ’ըսէ Եսայի մարգարէին բերնով.- «Ո՛վ երկիր Զաբուլոնի, ո՛վ
երկիր Նեփթալիմի,ճամբայ՝ որ ծովէն Յորդանան գետ կը տանի.դո՛ւն, Գալիլեա՛, հեթանոսներու երկիր: Այն
ժողովուրդը որ խաւարի մէջ կ’ապրէր,մեծ լոյս մը տեսաւ.եւ մահուան աշխարհին ու շուքին մէջ ապրողներուն
վրայ լոյս ծագեցաւ»: Եւ այդ օրէն Յիսուս սկսաւ քարոզել, ըսելով.– Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի
արքայութիւնը մօտեցած է

 

Մինչ Յիսուս Գալիլեայի լիճին եզերքը կը շրջէր, տեսաւ երկու եղբայրներ, որոնք ձկնորս էին. Սիմոնը՝ որ
Պետրոս կը կոչուէր եւ անոր եղբայրը՝ Անդրէասը, որոնք ուռկանը ջուրը կը նետէին ձուկ որսալու համար:
Յիսուս ըսաւ անոնց.– Հետեւեցէ՛ք ինծի եւ ես ձեզ մարդու որսորդ պիտի ընեմ: Անոնք անմիջապէս ձգեցին
ուռկանները եւ հետեւեցան Յիսուսի: Քիչ մը առաջ երթալով, Յիսուս ուրիշ երկու եղբայրներ ալ տեսաւ,
Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսը եւ անոր եղբայրը Յովհաննէսը, որոնք իրենց հօրը՝ Զեբեդէոսի հետ
նաւակին մէջ էին եւ իրենց ուռկանները կարգի կը դնէին: Զանոնք ալ կանչեց: Անոնք անմիջապէս ձգեցին
նաւակն ու իրենց հայրը եւ հետեւեցան Յիսուսի:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us