Հին Կտակարան.001

Տիրոջը ծառային Մովսէսին մահէն ետքը՝ Տէրը Մովսէսին սպասաւորին Նաւէի որդիին Յեսուին հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Իմ ծառաս Մովսէս մեռաւ. հիմա ելի՛ր ու անցի՛ր Յորդանանէն՝ դուն եւ այս բոլոր ժողովուրդը՝ այն երկիրը որ ես Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։

 

Նաւէի որդին Յեսու Սատիմէն երկու մարդ ղրկեց՝ ծածկաբար երկիրը լրտեսելու համար ու անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք այն երկիրը ու Երիքովը քննեցէք»։ Անոնք գացին ու Ռախաբ անունով պոռնիկ կնոջ մը տունը մտան եւ հոն մնացին։ Այն ատեն Երիքովի թագաւորին լուր տրուեցաւ՝ ըսելով. «Ահա այս գիշեր երկիրը լրտեսելու համար Իսրայէլի որդիներէն մարդիկ եկեր են հոս»։ Երիքովի թագաւորը Ռախաբին մարդ ղրկեց՝ ըսելով. «Քեզի եկող ու տունդ մտնող մարդիկը դուրս հանէ՛. քանզի անոնք այս բոլոր երկիրը լրտեսելու եկեր են»։ Կինը այն երկու մարդը առաւ պահեց ու ըսաւ. «Իրաւ այն մարդիկը ինծի եկան, բայց ուրկէ ըլլալնին չգիտցայ Ու դռներուն գոցուելու ատենը, մութին, այն մարդիկը դուրս ելան։ Անոնց ուր երթալը չեմ գիտեր։ Շուտով անոնց ետեւէն գացէք, որպէս զի անոնց հասնիք»։ Իսկ ինք տանիքը հանելով զանոնք, պահեր էր վուշի ցօղուններու մէջ, որոնք տանիքին վրայ դիզուած էին։ Ուստի թագաւորին մարդիկը մինչեւ Յորդանանի անցքերը անոնց ետեւէն գացին։ Լրտեսներուն ետեւէն գացողներուն դուրս ելլելէն ետքը՝ դուռը գոցեցին։ Լրտեսները դեռ չէին քնացած, երբ կինը տանիք ելաւ անոնց քով Եւ ըսաւ. «Ես գիտեմ որ Տէրը այս երկիրը ձեզի տուաւ ու ձեր վախը մեր վրայ ինկաւ եւ ձեր պատճառով այս երկրին բնակիչները հալեցան։ Քանզի մենք լսեցինք թէ ի՛նչպէս Տէրը ձեր Եգիպտոսէն ելած ատենը Կարմիր ծովուն ջուրերը ձեր առջեւէն ցամքեցուց. նաեւ ինչ որ դուք ըրիք Յորդանանի անդիի կողմը բնակող Ամօրհացիներու երկու թագաւորներուն՝ Սեհոնին ու Ովգին՝ որոնք բնաջինջ ըրիք։ Ուստի այս բաները լսածնուս պէս սրտերնիս հալեցաւ ու ձեր երեսէն վախնալով մէկո՛ւն վրայ համարձակութիւն չմնաց. քանզի ձեր Եհովա Աստուածը՝ վերը երկնքին մէջ ու վարը երկրի վրայ՝ միայն ինքն է Աստուած։ Հիմա կ՚աղաչեմ, Տիրոջմով երդում ըրէք ինծի, որ ես ձեզի ողորմութիւն ընելուս համար, դուք ալ իմ հօրս տանը ողորմութիւն պիտի ընէք եւ ինծի վստահելի նշան մը տուէք, Որ իմ հայրս, մայրս, եղբայրներս, քոյրերս ու բոլոր իրենց պատկանողները ողջ պիտի թողուք եւ մեր անձը մահուանէ պիտի ազատէք»։ Լրտեսները անոր ըսին. «Եթէ այս մեր բանը չյայտնէք, ձեր տեղը մեր անձերը մեռնին։ Երբ Տէրը այս երկիրը մեզի տայ, քեզի ողորմութիւն ու հաւատարմութիւն պիտի ընենք»։ Այն ատեն զանոնք պարանով մը պատուհանէն վար իջեցուց. (քանզի իր տունը բերդին պարսպին վրայ էր ու ինք պարսպին վրայ կը բնակէր.) Եւ անոնց ըսաւ. «Լեռը գացէ՛ք, չըլլայ որ հալածողները ձեզի հանդիպին ու հոն երեք օր պահուեցէ՛ք, մինչեւ որ հալածողները ետ դառնան, անկէ յետոյ ձեր ճամբան գացէ՛ք»։ Լրտեսները անոր ըսին. «Ահա մենք այդ մեզի ընել տուած երդումէդ այս կերպով անպարտ ըլլանք. Երբ մենք այս երկիրը մտնենք, այս կարմիր պարանը այն պատուհանին վրայ կապէ, ուրկէ մեզ իջեցուցիր եւ քու հայրդ, մայրդ, եղբայրներդ ու քու հօրդ բոլոր տունը քու քովդ այս տանը մէջ հաւաքէ ու մենք քեզի հետ ողորմութեամբ եւ հաւատարմութեամբ պիտի վարուինք։

Բայց անոնցմէ ով որ քու տանդ դռնէն դուրս ելլէ, անոր արիւնը իր գլխուն վրայ ըլլայ. մենք անպարտ պիտի ըլլանք. բայց քու քովդ այս տանը մէջ բոլոր եղողներուն եթէ ձեռք մը դպչի, անոնց արիւնը մեր գլխուն վրայ ըլլայ։ Եւ եթէ այս մեր բանը մէկուն յայտնես, այն ատեն քու մեզի ընել տուած երդումէդ անպարտ պիտի ըլլանք»։ Կինը ըսաւ. «Ձեր խօսքերուն պէս թող ըլլայ»։ Թողուց զանոնք ու անոնք գացին։ Այն կարմիր պարանը պատուհանին վրայ կապեց։

Եւ անոնք անկէ լեռնակողմը գացին ու հոն երեք օր նստան, մինչեւ որ հալածողները ետ դարձան։ Հալածողները զանոնք ամէն ճամբու մէջ փնտռեցին, բայց չգտան։ Այն ատեն այն երկու մարդիկը ետ դառնալով՝ լեռնէն վար իջան եւ անցնելով՝ Նաւէի որդիին Յեսուին գացին ու իրենց պատահած բոլոր բաները անոր պատմեցին։ Եւ ըսին. «Իրաւցընէ Տէրը այն բոլոր երկիրը մեր ձեռքը տուաւ ու այն երկրին բոլոր բնակիչները մեր երեսէն հալեցան»։

 

Երիքով Իսրայէլի որդիներուն պատճառով ամուր կերպով փակուած էր. ելլող ու մտնող չկար։  Տէրը Յեսուին ըսաւ. «Նայէ՛, Երիքովն ու անոր թագաւորը եւ զօրաւոր կտրիճները քու ձեռքդ տուի։ Ուստի բոլոր պատերազմիկները ա՛ռ եւ վեց օր՝ օրական մէկ անգամ քաղաքին բոլորտիքը դարձէք Եւ տապանակին առջեւ եօթը քահանայ՝ եօթը Յոբելեան փողերը առնեն ու եօթներորդ օրը քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ դարձէք։ Քահանաները թող փողերը հնչեցնեն։ Երբ Յոբելեան եղջիւրները երկար հնչեցնեն եւ դուք փողերուն ձայնը լսէք, բոլոր ժողովուրդը մեծ ձայնով թող աղաղակեն եւ այն ատեն քաղաքին պարիսպները վար պիտի իյնան ու ժողովուրդը շիտակ յառաջ երթալով ներս թող մտնէ»։

 

Երբ ժողովուրդը Յորդանանէն անցնելու համար իրենց վրաններէն չուեցին, ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները ժողովուրդին առջեւէն կ՚երթային։ Երբ տապանակը վերցնողները Յորդանան հասան ու տապանակը վերցնող քահանաներուն ոտքերը ջուրին մէջ մխուեցան՝ (վասնզի հունձքի բոլոր ժամանակը Յորդանանի ջուրը առատանալով իր բոլոր եզերքները կը կոխէ,) Վերէն իջնող ջուրը կայնեցաւ ու Սարթանի քով եղող Ադամ քաղաքէն շատ հեռու կարկառակոյտի մը պէս բարձրացաւ ու դաշտի ծովը, այսինքն Աղի ծովը, իջնողը կտրեցաւ, լմնցաւ։ Եւ ժողովուրդը Երիքովի դիմաց անցաւ։ Տիրոջը ուխտին տապանակը վերցնող քահանաները Յորդանանի մէջ ցամաքի վրայ հաստատ կայնեցան, մինչեւ որ բոլոր Իսրայէլ ցամաքով Յորդանանէն անցաւ։

 

Նաւէի որդին Յեսու քահանաները կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «Ուտին տապանակը վերցուցէք ու Տիրոջը տապանակին առջեւէն եօթը քահանայ եօթը Յոբելեան փողեր թող առնեն»։ Ետքը ժողովուրդին ըսաւ. «Անցէք ու քաղաքին բոլորտիքը պտըտեցէք։ Զինուորները Տիրոջը տապանակին առջեւէն թող քալեն»։ Երբ Յեսու ժողովուրդին պատուիրեց, եօթը քահանաները, որոնք եօթը Յոբելեան փողերը ունէին, Տիրոջը առջեւ անցնելով փողերը հնչեցուցին ու Տիրոջը ուխտին տապանակը անոնց ետեւէն կ՚երթար։

Զինուորները փողերը հնչեցնող քահանաներուն առջեւէն կ՚երթային, բայց վերջապահները՝ տապանակին ետեւէն ու քահանաները փողերը հնչեցնելով կ՚երթային։ Եօթներորդ օրը կանուխ ելան՝ արշալոյսին ծագած ատենը ու քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ պտըտեցան նոյն կերպով, միայն այդ օրը քաղաքին բոլորտիքը եօթը անգամ պտըտեցան։ Ու եօթներորդ անգամին երբ քահանաները փողերը հնչեցուցին, Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Աղաղակեցէք, քանզի Տէրը այս քաղաքը ձեր ձեռքը տուաւ։ Քաղաքն ու բոլոր անոր մէջ եղածները Տիրոջմէ նզովուած ըլլան, միայն Ռախաբ պոռնիկը մեր ղրկած լրտեսները պահելուն համար ողջ թող մնայ, թէ՛ ինք եւ թէ՛ իրեն հետ տանը մէջ բոլոր եղողները»։

Ժողովուրդը աղաղակեց, որովհետեւ փողերը հնչուեցան։ Երբ ժողովուրդը փողերուն ձայնը լսեց ու բարձրաձայն աղաղակեց, պարիսպները վար ինկան։ Ժողովուրդը շիտակ յառաջ քաղաքը մտնելով՝ քաղաքը առին։ 

Եւ Տէրը Յեսուին հետ էր ու անոր համբաւը բոլոր երկրին մէջ տարածուեցաւ։

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us