ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ

«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

 

Յիսուս երբ լիճին միւս կողմը՝ Գերգեսացիներու երկիրը եկաւ, դէմը ելան երկու դիւահարներ, որոնք ժայռափոր գերեզմաններէն եկած էին: Ասոնք այնքան կատաղի էին, որ ոեւէ մէկը այդ ճամբայէն չէր համարձակեր անցնիլ: Անոնք աղաղակեցին, ըսելով.– Ի՞նչ կ’ուզես մեզմէ, Յիսո՛ւս, Աստուծո՛յ Որդի, եկար որ ժամանակէն առաջ տանջե՞ս մեզ: Քիչ մը հեռուն, խոզերու մեծ երամակ մը կ’արածէր: Չար ոգիները Յիսուսի կ’աղաղակէին, ըսելով.– Եթէ մեզ դուրս պիտի հանես, թոյլ տուր որ խոզերու երամակին երթանք: 

 

Յիսուս ըսաւ.– Գացէ՛ք: Եւ չար ոգիները դիւահարներէն ելլելով՝ գացին խոզերուն. եւ ահա խոզերու ամբողջ երամակը զառիթափէն վար դէպի լիճ խուժեց եւ հոն խեղդուեցաւ: Խոզարածները փախան եւ քաղաք երթալով պատմեցին եղածը, նաեւ՝ ինչ որ պատահած էր դիւահարներուն: 

Քաղաքի ամբողջ բնակիչները ընդառաջ ելան Յիսուսի եւ երբ զայն տեսան, աղաչեցին որ հեռանայ իրենց սահմաններէն:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us