Հին Կտակարան.001

Եւ Մովսէս Գադին որդիներուն եւ Ռուբէնին որդիներուն ըսաւ. «Ձեր եղբայրները պատերազմի երթան ու դուք այս տեղը նստի՞ք։ Ինչո՞ւ համար Իսրայէլի որդիներուն սիրտը պիտի թուլցնէք, որ չանցնին այն երկիրը, որ Տէրը անոնց տուած է։ Ձեր հայրերն ալ այսպէս ըրին, երբ զանոնք Կադէս-Բառնեայէն ղրկեցի երկիրը լրտեսելու համար։ Քանզի անոնք մինչեւ Եսքողի ձորը ելան ու երկիրը տեսան եւ Իսրայէլի որդիներուն սիրտը թուլցուցին, որպէս զի չմտնեն այն երկիրը, որ Տէրը անոնց տուեր էր։ Եւ նոյն օրը Տիրոջը բարկութիւնը բորբոքեցաւ ու երդում ընելով՝ ըսաւ.  ‘Եգիպտոսէն ելած մարդոցմէ քսան տարեկանէն վեր եղողները, բոլոր սրտով ինծի չհնազանդելնուն համար, բնաւ պիտի չտեսնեն այն երկիրը, որուն համար Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին երդուն ըրի որ տամ, Կենեզեան Յեփոնէի որդիէն Քաղէբէն ու Նաւէի որդիէն Յեսուէն զատ, որոնք կատարելապէս Տիրոջը հանզանդեցան։ Եւ Տիրոջը բարկութիւնը Իսրայէլի վրայ բորբոքեցաւ ու զանոնք քառասուն տարի անապատին մէջ պտըտցուց, մինչեւ որ Տիրոջը առջեւ չարութիւն ընող սերունդը բոլորվին սպառեցաւ։

 

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով.  «Մարդիկ ղրկէ որ լրտեսեն Քանանի երկիրը, որ Իսրայէլի որդիներուն պիտի տամ։ Անոնք, իրենց հայրերուն սերունդէն, մէկմէկ իշխան ըլլալու են»։ 4 Մովսէս Տիրոջը հրամանին համեմատ ղրկեց զանոնք Փառանի անապատէն։ Անոնք Իսրայէլի որդիներուն գլխաւորներն էին

 

Մովսէս Նաւէին որդիին Օսէսին անունը Յեսու դրաւ Եւ ղրկեց զանոնք Քանանի երկիրը լրտեսելու ու ըսաւ անոնց: Անոնք գացին ու այն երկիրը լրտեսեցին և մինչեւ Եսքողի ձորը եկան ու անկէ խաղողի ողկոյզ մը կտրեցին ուռովը մէկտեղ եւ երկու հոգի ձողով վերցուցին զանիկա։ Նուռերէն ու թուզերէն ալ տարին։ Քառասուն օր յետոյ այն երկիրը լրտեսելէն դարձան Եւ գալով հասան Մովսէսին ու Ահարոնին եւ Իսրայէլի որդիներուն բոլոր ժողովուրդին, Փառանի անապատը՝ Կադէս եւ բոլոր ժողովուրդին լուր բերին եւ երկրին պտուղը ցուցուցին անոնց։ Պատմեցին Մովսէսին ու ըսին. «Գացինք այն երկիրը, ուր ղրկեցիր. իրաւցնէ կաթ ու մեղր կը բղխի հոն։ Ահա անոր պտուղը։ Բայց այն երկրին մէջ բնակող ժողովուրդը զօրաւոր է եւ քաղաքները պարսպապատ ու խիստ մեծ են. նաեւ հոն Ենակի որդիները տեսանք։ 

 

Ամաղեկացիները այն երկրին հարաւային կողմը կը բնակին ու Քետացիները եւ Յեբուսացիներն ու Ամօրհացիները լեռները կը բնակին եւ Քանանացիները ծովուն քով ու Յորդանանի եզերքը կը բնակին»։ Եւ Քաղէբ ժողովուրդը Մովսէսին առջեւ լռեցուց ու ըսաւ. «Աղէ՜կ, ելլե՛նք ու ժառանգենք զայն. քանզի մենք անշուշտ կրնանք անոր տիրել»։ Եւ անոր հետ գացող մարդիկը ըսին. «Մենք այն ժողովուրդին վրայ ելլելու կարող չենք, վասնզի անոնք մեզմէ զօրաւոր են»։ Եւ իրենց լրտեսած երկրին համար գէշ լուր բերին Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով. «Այն երկիրը, որուն մէջէն անցանք լրտեսելու համար, իր բնակիչները ուտող երկիր մըն է եւ անոր մէջի ժողովուրդը, որ մենք տեսանք, յաղթահասակ մարդիկ են Եւ հոն տեսանք հսկաներ, Ենակի որդիները, որ հսկաներ են. այնպէս որ մենք մեր աչքին մարախի պէս երեւցանք եւ այնպէս ալ անոնց աչքին երեւցանք»։

Եւ Տէրը անոր ըսաւ. «Այս է այն երկիրը, որուն համար Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին երդում ըրի՝ ըսելով. ‘Քու սերունդիդ պիտի տամ զանիկա’։ Ահա քու աչքերուդ ցուցուցի, բայց դուն հոն պիտի չանցնիս»։ Այսպէս Տիրոջը ծառան՝ Մովսէս՝ հոն Մովաբի երկրին մէջ, Տիրոջը ըսածին պէս մեռաւ։ Տէրը զայն Բեթփեգովրի դէմ, Մովաբի երկիրը ձորի մը մէջ թաղեց ու մինչեւ այսօր ոեւէ մարդ անոր գերեզմանին տեղը չգիտցաւ։

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us