ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ

«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

 

Այդ օրերուն, Յովհաննէս Մկրտիչ սկսաւ քարոզել Հրէաստանի անապատին մէջ, 2ըսելով.– Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ երկինքի արքայութիւնը մօտեցած է: Այս Յովհաննէսն էր այն անձը, որուն համար Եսայի մարգարէ խօսեր էր, ըսելով.- «Անապատին մէջ աղաղակողին ձայնը կ’ըսէ.- Տիրոջ ճամբան պատրաստեցէք,հարթեցէ՛ք անոր շաւիղները»:

 

Յովհաննէս ուղտի մազէ շինուած հագուստ մը ունէր եւ մէջքին՝ կաշիէ գօտի: Իր կերակուրը մարախ եւ վայրի մեղր էր: Երուսաղէմէն, ամբողջ Հրէաստանէն եւ Յորդանան գետի բոլոր շրջաններէն մարդիկ իրեն կ’երթային եւ իրենց մեղքերը խոստովանելով, անոր ձեռքով կը մկրտուէին Յորդանան գետին մէջ: Երբ Յովհաննէս տեսաւ շատ մը Սադուկեցիներ եւ Փարիսեցիներ, որոնք իրմէ մկրտուելու եկած էին:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us