Հին Կտակարան.001

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ

«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

 

Աբրահամ ըսաւ իր տանը երէց ծառային, որ իր բոլոր ունեցածին վերակացուն էր. «Կ՚աղաչեմ քեզի, ձեռքդ իմ երանքիս տակ դիր Եւ քեզ երդմնցնեմ Տիրոջմով, որ երկնքի ու երկրի Աստուածն է, որ իմ որդիիս կին չառնես Քանանացիներու աղջիկներէն, որոնց մէջ ես կը բնակիմ. 4 Հապա իմ երկիրս ու իմ ազգականներուս երթաս ու իմ որդիիս Իսահակին անկէ կին առնես»։ 

 

Ծառան իր տիրոջը ուղտերէն տասը ուղտ առաւ, քանզի իր տիրոջ բոլոր բարիքները իր ձեռքն էին եւ ելաւ ու դէպի Միջագետք Նաքովրի քաղաքը գնաց։ Ուղտերը քաղաքէն դուրս ջրհորի մը քով նստեցուց իրիկուան դէմ՝ կիներուն ջուր քաշելու եկած ատենը Եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, իմ տիրոջս Աբրահամին Աստուածը, կ՚աղաչեմ քեզի, յաջողութիւն տուր ինծի այսօր եւ իմ տիրոջս Աբրահամին բարերարութիւն ըրէ։ 13 Ահա ես ջուրի աղբիւրին քով կը կայնիմ եւ այս քաղաքին բնակիչներուն աղջիկները ջուր հանելու պիտի գան։ Եւ երբ աղջկան մը ըսեմ՝ ‘Շնորհք ըրէ, սափորդ իջեցուր որպէս զի խմեմ’ ու անիկա ըսէ թէ՝ ‘Խմէ ու քու ուղտերուդ ալ խմցնեմ’, անիկա թող ըլլայ քու Իսահակ ծառայիդ համար սահմանածդ եւ ասով գիտնամ թէ իմ տիրոջս բարերարութիւն ըրիր»։

 

Տակաւին իր խօսքը չլմնցուցած, ահա Աբրահամին եղբօրը Նաքովրին կնոջ Մեղքայի որդիին Բաթուէլի ծնած Ռեբեկան եկաւ, իր ուսին վրայ սափոր մը ունենալով։ Աղջիկը խիստ գեղեցիկ տեսքով կոյս մըն էր ու այր մարդ մը զանիկա գիտցած չէր։ Անիկա իջաւ աղբիւրը ու իր սափորը լեցուց ու կը դառնար։ Եւ ծառան զանիկա դիմաւորելու վազեց ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քու սափորէդ ինծի քիչ մը ջուր խմցուր»։ Անիկա ըսաւ. «Խմէ՛, տէ՛ր իմ» ու շուտով սափորը իր ուսէն իջեցուց եւ տուաւ որ խմէ։ Երբ ան խմեց, աղջիկը ըսաւ. «Ուղտերուդ ալ ջուր քաշեմ, մինչեւ ամէնն ալ խմեն»։ Շուտով սափորը աւազանին մէջ պարպեց ու նորէն հորը վազեց ջուր քաշելու եւ անոր բոլոր ուղտերուն համար ջուր քաշեց։ Եւ մարդը զարմանալով անոր վրայ՝ լուռ կը մնար, մտածելով թէ արդեօք Տէրը իր ճամբան յաջողցո՞ւց թէ ոչ։ 

 

Ու երբ բոլոր ուղտերը խմեցին, մարդը կէս սիկղ ոսկիէ օղակ մը եւ անոր ձեռքերուն համար տասը սիկղ ոսկիէ երկու ապարանջան հանեց ու անոր տուաւ Ու ըսաւ. «Դուն որո՞ւն աղջիկն ես, կ՚աղաչեմ, ըսէ՛ ինծի. քու հօրդ տունը մեզի համար գիշերը կենալու տեղ կա՞յ»։ Անիկա ըսաւ անոր. «Ես Մեղքայի որդիին Բաթուէլին աղջիկն եմ, որ Մեղքա Նաքովրին ծնաւ»։ Նաեւ ըսաւ անոր. «Մենք շատ յարդ ու ճարակ ունինք եւ գիշերը կենալու տեղ ալ»։ Ու մարդը խոնարհեցաւ ու Տիրոջը երկրպագութիւն ըրաւ Եւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ իմ տիրոջս Աբրահամին Տէր Աստուածը, որ իմ տէրս իր ողորմութենէն ու իր ճշմարտութենէն չզրկեց. քանի որ ես ճամբուն մէջ էի, Տէրը զիս իմ տիրոջս եղբայրներուն տունը առաջնորդեց»։ Աղջիկը վազեց ու այս բաները իր մօրը տունը պատմեց։

Ռեբեկա եղբայր մը ունէր՝ Լաբան անունով։ Լաբան վազեց դէպի աղբիւրը մարդուն քով, Վասնզի տեսնելով օղակը եւ իր քրոջը ձեռքերուն վրայի ապարանջանները ու լսելով իր քրոջը Ռեբեկային խօսքերը, որ կ՚ըսէր թէ «Այն մարդը այսպէս խօսեցաւ ինծի», մարդուն եկաւ եւ ահա անիկա ուղտերուն քով աղբիւրին մօտ կայներ էր։ Եւ կանչեցին Ռեբեկան ու ըսին անոր. «Այս մարդուն հետ կ՚երթա՞ս»։ Անիկա «Կ՚երթամ», ըսաւ։  Ու իրենց քոյրը Ռեբեկան ու անոր դայեակը եւ Աբրահամին ծառան ու անոր մարդիկը ղրկեցին։  Եւ օրհնեցին Ռեբեկան ու ըսին անոր. «Դուն մեր քոյրն ես. հազարաւոր բիւրերու մայր ըլլաս եւ քու սերունդդ իր թշնամիներուն քաղաքները ժառանգէ»։ Ռեբեկա ու իր աղախինները ելան եւ ուղտերը հեծան ու այն մարդուն ետեւէն գացին։ Ծառան առաւ Ռեբեկան ու գնաց։

 

Եւ Աբրահամի որդիին Իսահակին ծնունդները ասոնք են. Աբրահամ ծնաւ Իսահակը։ Իսահակ քառասուն տարեկան էր, երբ Միջագետքէն Ասորի Բաթուէլին աղջիկը, Ասորի Լաբանին քոյրը Ռեբեկան իրեն կին առաւ։ Իսահակ աղաչեց Տիրոջը իր կնոջ համար՝ ամուլ ըլլալուն պատճառով եւ Տէրը անոր աղաչանքը ընդունեց ու անոր կինը Ռեբեկան յղացաւ։ Եւ տղաքները անոր արգանդին մէջ կը կռուէին ու ըսաւ. «Եթէ այսպէս է, ինչո՞ւ եղաւ ինծի ասիկա» եւ Տիրոջը հարցնելու գնաց։ 

 

Ու Տէրը ըսաւ անոր. «Երկու ազգ կան արգանդիդ մէջ եւ քու որովայնէդ երկու ժողովուրդ պիտի զատուի ու ժողովուրդին մէկը միւսէն զօրաւոր պիտի ըլլայ եւ մեծը պիտի ծառայէ պզտիկին»։ Ու երբ անոր ծնանելու օրերը լեցուեցան, ահա երկուորեակ էին անոր արգանդին մէջ։ Առաջինը ելաւ կարմրագոյն, բոլոր մարմինը մազոտ վերարկուի պէս էր ու անոր անունը Եսաւ դրին։ Եւ անկէ ետքը անոր եղբայրը ելաւ ու անոր ձեռքը Եսաւի գարշապարէն բռներ էր եւ անոր անունը Յակոբ դրին ու անոնց ծնած ատենը Իսահակ վաթսուն տարեկան էր։ Եւ մանուկները մեծցան ու Եսաւ դաշտի մարդ՝ վարպետ որսորդ եղաւ. իսկ Յակոբ՝ հանդարտ բարքով մարդ էր ու վրաններու մէջ կը բնակէր։ Եւ Իսահակ կը սիրէր Եսաւը, վասնզի անոր որսէն կ՚ուտէր, բայց Ռեբեկա Յակոբը կը սիրէր։

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us