ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ

«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

 

Այդ օրերուն, Յիսուս Գալիլեայէն Յորդանան գետ եկաւ Յովհաննէսի մօտ՝ անկէ մկրտուելու համար: Երբ Յովհաննէս տեսաւ իրեն մօտեցող Յիսուսը, ըսաւ. «Ահա Աստուծոյ Գառը, որ իր վրայ պիտի վերցնէ աշխարհի մեղքը»: Յովհաննէս ընդդիմացաւ անոր, ըսելով.– Ե՛ս պէտք ունիմ քեզմէ մկրտուելու, եւ դո՞ւն ինծի կու գաս: Յիսուս պատասխանեց.–  Հիմա թո՛յլ տուր որ այսպէս ըլլայ, որովհետեւ այսպիսով կատարած պիտի ըլլանք Աստուծոյ արդար կամքը:

 

Եւ Յովհաննէս թոյլ տուաւ: Յիսուս մկրտուելէ ետք, անմիջապէս ջուրէն դուրս ելաւ: Եւ ահա երկինքը բացուեցաւ, եւ տեսաւ Աստուծոյ Հոգին, որ աղաւնիի նման կ’իջնէր եւ կու գար իր վրայ: Եւ ահա երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը, որ կ’ըսէր.– Ատիկա է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us