Ամբողջացան երկինք ու երկիր եւ անոնց բոլոր զարդերը։ Եւ Աստուած իր բոլոր գործերը եօթներորդ օրը լմնցուց ու եօթներորդ օրը հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն։ Եւ Աստուած եօթներորդ օրը օրհնեց ու սրբեց զանիկա. վասնզի անոր մէջ հանգստացաւ իր բոլոր գործերէն՝ որոնք ստեղծագործութեան մէջ կատարած էր։

Ասոնք են երկնքի ու երկրի ծնունդները՝ անոնց ստեղծուած ատենը։

Երբ Տէր Աստուած երկիրն ու երկինքը ըրաւ, դեռ դաշտին բոլոր բոյսերը՝ երկրի վրայ չեղած եւ դաշտին բոլոր խոտը՝ դեռ չբուսած. քանզի Տէր Աստուած երկրի վրայ տակաւին անձրեւ բերած չէր ու գետինը մշակող մարդ չկար, հապա երկրէն շոգի կ՚ելլէր ու գետնին բոլոր երեսը կը ջրէր։ Տէր Աստուած գետնին հողէն շինեց մարդը եւ անոր ռնգունքներէն կենդանութեան շունչ փչեց ու մարդը կենդանի հոգի եղաւ։

Եւ Տէր Աստուած արեւելեան կողմը՝ Եդեմի մէջ՝ պարտէզ տնկեց ու իր շինած մարդը հոն դրաւ։ Եւ Տէր Աստուած գետնէն՝ տեսնելու հաճելի եւ ուտելու աղէկ ամէն ծառ ու պարտէզին մէջտեղը կենաց ծառը եւ բարին ու չարը գիտնալու ծառն ալ բուսցուց։  Եւ պարտէզը ջրելու համար Եդեմէն գետ մը կ՚ելլէր ու անկէ չորս ճիւղի կը բաժնուէր։ Մէկուն անունը Փիսոն է. ասիկա Եւիլայի բոլոր երկիրը կը պտըտի, ուր ոսկի կայ եւ այն երկրին ոսկին ազնիւ է. սուտակ ու եղնգնաքար կայ հոն։ Ու երկրորդ գետին անունը Գեհոն է. ասիկա Քուշի բոլոր երկիրը կը պտըտի։ Ու երրորդ գետին անունը Տիգրիս է. ասիկա Ասորեստանի արեւելեան կողմը կ՚երթայ։ Եւ չորրորդ գետը Եփրատ է։ Եւ Տէր Աստուած առաւ մարդը ու Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ, որպէս զի զանիկա մշակէ ու պահէ։ Եւ Տէր Աստուած պատուիրեց մարդուն՝ ըսելով. «Պարտէզին բոլոր ծառերէն համարձակ կեր. բայց բարիի ու չարի գիտութեան ծառէն մի՛ ուտեր. քանզի այն օրը որ անկէ ուտես, անշուշտ պիտի մեռնիս»։

Տէր Աստուած ըսաւ. «Աղէկ չէ որ Ադամ մինակ ըլլայ. անոր օգնական մը ընեմ իրեն յարմար» եւ Տէր Աստուած դաշտին բոլոր գազաններն ու երկնքի բոլոր թռչունները հողէն շինեց եւ Ադամին առջեւ բերաւ, որպէս զի տեսնէ թէ անոնց ի՛նչ անուն պիտի դնէ։ Ադամ, որ մարդ կը նշանակէ, ի՛նչ անուն, որ դրաւ շնչաւոր կենդանիի, այն եղաւ անոր անունը։ Ադամ բոլոր անասուններուն ու երկնքի թռչուններուն եւ դաշտի բոլոր գազաններուն անուններ դրաւ, բայց Ադամին յարմար օգնական մը չգտնուեցաւ։ Եւ Տէր Աստուած խորունկ քուն մը բերաւ Ադամին վրայ ու անիկա քնացաւ։ Անոր կողին ոսկորներէն մէկը առաւ ու անոր տեղը միս լեցուց։ Տէր Աստուած Ադամէն առած կողին ոսկորը կին շինեց ու զանիկա Ադամին բերաւ։ Ադամ ըսաւ. «Հիմա ասիկա ոսկորէս ոսկոր ու մարմինէս մարմին է. ասիկա Կին կոչուի, քանզի իր այրէն առնուեցաւ»։ Անոր համար այրը պիտի ձգէ իր հայրը ու իր մայրը եւ իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան։ Եւ Ադամ ու իր կինը՝ Եւան, որ կեանք կը նշանակէ, երկուքն ալ մերկ էին ու չէին ամչնար։

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us