Երբ Մովսէսի հաստատած Օրէնքին համաձայն անոնց ծիսական մաքրութեան ժամանակը լրացաւ, Յովսէփն ու Մարիամը մանուկը Երուսաղէմ տարին Տիրոջ ընծայելու համար, որովհետեւ Տիրոջ Օրէնքին մէջ գրուած է. «Տիրոջ պէտք է նուիրուի ամէն արու զաւակ, որ մօրը առաջին զաւակն է». ինչպէս նաեւ Տիրոջ Օրէնքին համաձայն զոհ մատուցանելու «զոյգ մը տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ»: Այդ ժամանակ Երուսաղէմի մէջ Սիմոն անունով մարդ մը կ’ապրէր: Սիմոն արդար եւ աստուածավախ էր եւ Իսրայէլի փրկութեան կը սպասէր: Սուրբ Հոգին իրեն հետ էր եւ վստահեցուցած էր զինք՝ թէ Տիրոջ Օծեալը չտեսած պիտի չմեռնէր: Արդ, Սուրբ Հոգիէն առաջնորդուած՝ անիկա տաճար գնաց: Երբ ծնողքը մանուկ Յիսուսը տաճար բերին, որպէսզի կատարեն այն ինչ որ Օրէնքը կը պահանջէր մանուկին համար, Սիմոն իր գիրկը առաւ փոքրիկը եւ գոհաբանեց զԱստուած, ըսելով.– Այժմ, ո՛վ Տէր, համաձայն քու խոստումիդ՝ձգէ՛ որ ծառադ խաղաղութեամբ մեռնի. որովհետեւ աչքերովս տեսայ Փրկիչը, որ ղրկեցիր բոլոր ժողովուրդներուն, որպէս լոյս՝ հեթանոսները լուսաւորելուեւ քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի փառք ըլլալու: Յիսուսի հայրն ու մայրը զարմանքով մտիկ կ’ընէին այս խօսքերը, որ Սիմոն կ’ըսէր մանուկին մասին: Սիմոն օրհնեց զիրենք ալ, ապա մանուկին մօրը՝ Մարիամին ըսաւ. – Այս մանուկը Իսրայէլի ժողովուրդէն շատերու անկումին եւ շատերու փրկութեան պատճառ պիտի ըլլայ: Անիկա նաեւ հակառակութեան նշան պիտի ըլլայ եւ շատերու սիրտերուն խորհուրդները պիտի յայտնէ: Գալով քեզի, քու ալ սիրտէդ սուր մը պիտի անցնի: Հոն էր նաեւ Փանուէլի աղջիկը՝ Աննա մարգարէուհին, որ Ասերի ցեղէն էր: Աննա բաւական յառաջացած տարիք ունէր. անիկա միայն եօթը տարի ամուսնական կեանք վա-րած էր եւ այժմ ութսուն չորս տարեկան այրի մըն էր: Տաճարէն չէր հեռանար, այլ՝ գիշեր ու ցերեկ, ծոմապահութեամբ եւ աղօթքով անցնելով՝ զԱստուած կը պաշտէր: Արդ, ինք ալ նոյն ժամուն գալով՝ գոհութիւն տուաւ Տիրոջ, եւ մանուկին մասին կը խօսէր բոլոր անոնց, որոնք Երուսաղէմի մէջ Փրկիչին կը սպասէին:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us