Հերովդէս թագաւորի օրերուն էր, որ Յիսուս ծնաւ Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ: Եւ ահա արեւելքէն
մոգեր եկան Երուսաղէմ եւ հարցուցին.– Ո՞ւր է Հրեաներու նորածին թագաւորը. մենք տեսանք անոր աստղը
արեւելքի մէջ եւ եկանք երկրպագելու իրեն: Երբ Հերովդէս թագաւոր լսեց ասիկա՝ վրդովեցաւ, եւ իրեն հետ՝
Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները: 4Կանչեց ժողովուրդի բոլոր աւագ քահանաներն ու Օրէնքի ուսուցիչները եւ
հարցուց անոնց, թէ ո՛ւր պիտի ծնէր Քրիստոսը: Անոնք պատասխանեցին.– Հրէաստանի Բեթլեհէմ քաղաքին
մէջ, որովհետեւ Մի-քիա մարգարէն այսպէս գրած է.- «Դո՛ւն, Բեթլեհէ՛մ, Յուդայի քաղաք,հռչակով նուազ չես
Յուդայի միւս քաղաքներէն.որովհետեւ քեզմէ պիտի ելլէ իշխան մը,որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս՝
Իսրայէլը»: Այն ատեն Հերովդէս գաղտնաբար իր մօտ կանչեց մոգերը եւ անոնցմէ ստուգեց աստղին
երեւելուն ժամանակը: Ապա զանոնք Բեթլեհէմ ղրկեց, պատուիրելով.– Գացէք եւ ստոյգ տեղեկութիւններ
քաղելով գտէ՛ք երեխան, եւ երբ գտնէք՝ ինծի իմացուցէք, որպէսզի ես ալ գամ եւ երկրպագեմ իրեն:
Թագաւորին այս հրահանգը լսելէ ետք, մոգերը մեկ-նեցան: Անոնք չափազանց ուրախացան, երբ կրկին
տեսան այն աստղը, որ արեւելքի մէջ տեսեր էին. եւ ահաաստղը առաջնորդեց զիրենք, մինչեւ որ եկաւ ու
կեցաւ այն վայրին վրայ ուր երեխան կը գտնուէր: Երբ տուն մտան, տեսան երեխան իր մօրը՝ Մարիամի հետ,
եւ մինչեւ գետին խոնարհելով երկրպագեցին մանուկին: Ապա բացին իրենց արկղերը եւ Յիսուսի ընծայեցին
իրենց նուէրները՝ ոսկի, կնդրուկ եւ զըմուռս: Յետոյ ուրիշ ճամբով գացին իրենց երկիրը, առանց Հերովդէսի
հանդիպելու, ինչպէս որ Աստուած երազի մը մէջ հրահանգեց իրենց:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us