Հերովդէս, երբ տեսաւ որ մոգերը զինք խաղի բերին, սաստիկ զայրացաւ եւ մարդիկ ղրկեց, որպէսզի սպաննեն Բեթլեհէմի մէջ եւ անոր շրջակայքը գտնուող բոլոր երեխաները, որոնք երկու տարեկան եւ կամ աւելի փոքր էին, նկատի առնելով Յիսուսի ծննդեան ժամանակը, որ ստուգած էր մոգերէն: Այսպէս իրականացաւ այն՝ ինչ որ Տէրը Երեմիա մարգարէին բերնով կ’ըսէ.- «Գոյժ մը լսուեցաւ Ռամայի մէջ, ողբ, հեծեծանք եւ լացուկոծ դառնագին.Ռաքէլ իր զաւակներուն համար կու լար եւ մխիթարուիլ չէր ուզեր, քանի այլեւս անոնք չկային»:

 

Երբ մոգերը Բեթլեհէմէն մեկնեցան, Տիրոջ հրեշտակը Յովսէփի երեւցաւ երազի մը մէջ եւ ըսաւ.– Ե՛լ, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը եւ փախիր Եգիպտոս. հո՛ն մնա մինչեւ որ ըսեմ քեզի, որովհետեւ Հերովդէս կը փնտռէ մանուկը՝ զայն սպաննելու համար: Յովսէփ արթնցաւ, գիշերով առաւ մանուկն ու անոր մայրը եւ գնաց Եգիպտոս, ուր մնաց մինչեւ Հերովդէսի մահը: Այս ձեւով իրականացաւ Տիրոջ խօսքը, Ովսիա մարգարէի բերնով ըսուած. «Եգիպտոսէն կանչեցի իմ որդիս»:

 

Հերովդէսի մահէն ետք, ահա Տիրոջ հրեշտակը Եգիպտոսի մէջ Յովսէփի երեւցաւ երազի մը մէջ եւ ըսաւ.– Ե՛լ, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը եւ վերադարձիր Իսրայէլի երկիրը, որովհետեւ մանուկը սպաննել ուզողները մեռան: Յովսէփ ելաւ, առաւ մանուկն ու անոր մայրը եւ վերադարձաւ Իսրայէլի երկիրը: Սակայն երբ լսեց որ Արքեղայոսը թագաւորած է Հրէաստանի վրայ՝ իր հօրը Հերովդէսի տեղ, հոն երթալու վախցաւ: Փոխարէնը, երազի մը մէջ իրեն հրամայուածին համաձայն՝ գնաց Գալիլեայի կողմերը եւ եկաւ բնակեցաւ Նազարէթ քաղաքին մէջ, որպէսզի իրականանայ ինչ որ Տէրը կ’ըսէ մարգարէներուն միջոցաւ, թէ Նազովրեցի պիտի կոչուի:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us