ՅԱԿՈԲ ԼԱԲԱՆԻՆ ԿԸ ԾԱՌԱՅԷ ՌԱՔԷԼԻՆ ԵՒ ԼԻԱՅԻՆ ՀԱՄԱՐ

 

Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Դուն իմ եղբայրս ըլլալուդ համար ինծի ձրի՞ պիտի ծառայես։ Ըսէ՛ ինծի, ի՞նչ պիտի ըլլայ քու վարձքդ»։ Լաբան երկու աղջիկ ունէր, մեծին անունը Լիա ու պզտիկին անունը Ռաքէլ էր։ Լիային աչքերը տկար էին, բայց Ռաքէլ դէմքով ու տեսքով գեղեցիկ էր։ Յակոբ սիրեց Ռաքէլը ու ըսաւ. «Քու պզտիկ աղջկանդ Ռաքէլին համար եօթը տարի քեզի կը ծառայեմ»։ Լաբան ըսաւ. «Անիկա քեզի տալը ուրիշ մարդու մը տալէն աղէկ է. բնակէ ինծի հետ»։ Եւ Յակոբ Ռաքէլին համար եօթը տարի ծառայեց ու զանիկա սիրելուն պատճառաւ իրեն քանի մը օրուան չափ երեւցաւ։

 

Եւ Յակոբ ըսաւ Լաբանին. «Իմ կինս տուր. քանզի օրերս լեցուած են, որպէս զի անոր մտնեմ»։ Եւ Լաբան այն տեղին բոլոր մարդիկը հաւաքեց ու խնճոյք ըրաւ։ Սակայն իրիկունը իր Լիա աղջիկը առաւ եւ անոր բերաւ։ Անիկա անոր մտաւ։ Եւ Լաբան իր աղախինը Զեղփան իր աղջկան Լիային իբր աղախին տուաւ։ Առտուն՝ ահա անիկա Լիան էր։ Յակոբ Լաբանին ըսաւ. «Ի՞նչ է այս քու ինծի ըրածդ. ես քեզի Ռաքէլին համար չծառայեցի՞. ուստի ինչո՞ւ զիս խաբեցիր»։ 

 

Լաբան ըսաւ. «Մեր երկրին մէջ այսպիսի բան չըլլար, պզտիկը մեծէն առաջ տալ։ Լմնցուր ասոր հարսանիքին շաբաթը եւ ինծի եօթը տարի ալ ծառայելուդ համար՝ զայն ալ քեզի տամ»։ Յակոբ այնպէս ըրաւ ու Լիային շաբաթը լմնցուց։ Լաբան իր Ռաքէլ աղջիկը անոր կին ըլլալու տուաւ։ Լաբան իր Բաղղա աղախինը իր աղջկան Ռաքէլին իբր աղախին տուաւ։ Յակոբ Ռաքէլին ալ մտաւ, բայց Ռաքէլը Լիայէն աւելի սիրեց։ Յակոբ եօթը տարի ալ ծառայեց Լաբանին։

 

ՅԱԿՈԲԻՆ ԶԱՒԱԿՆԵՐ ԿԸ ԾՆԱՆԻՆ

 

Տէրը, երբ Լիային ատելի ըլլալը տեսաւ, անոր արգանդը բացաւ. բայց Ռաքէլ ամուլ էր։ Լիա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Ռուբէն դրաւ. քանզի ըսաւ. «Տէրը իմ տառապանքիս նայելուն համար, ասկէ ետեւ այրս զիս պիտի սիրէ»։ Նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ ու ըսաւ. «Որովհետեւ Տէրը իմ ատելի ըլլալս լսեց, անոր համար ինծի այս որդին ալ տուաւ»։ Անոր անունը Շմաւոն դրաւ։ Եւ դարձեալ յղացաւ ու որդի մը ծնաւ ու ըսաւ. «Հիմա այս անգամ այրս ինծի հետ պիտի միաւորի, քանզի երեք որդի ծնայ իրեն»։ Անոր համար անոր անունը Ղեւի դրաւ։ Եւ անգամ մըն ալ յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ ըսաւ. «Այս անգամ պիտի գոհանամ Տիրոջմէն»։ Անոր համար անոր անունը Յուդա դրաւ ու դադարեցաւ ծնանելէ։

 

Եւ Լիա ըսաւ. «Աստուած ինծի բարի պարգեւ մը պարգեւեց. այս անգամ այրս ինծի հետ պիտի բնակի, որովհետեւ իրեն վեց որդի ծնայ»։ Անոր անունը Զաբուղոն դրաւ։ Անկէ յետոյ աղջիկ մը ծնաւ ու անոր անունը Դինա դրաւ։

 

Եւ Աստուած յիշեց Ռաքէլը ու Աստուած լսեց անոր աղօթքը եւ անոր արգանդը բացաւ Ու յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ ըսաւ. «Աստուած իմ նախատինքս վերցուց»  Եւ անոր անունը Յովսէփ դրաւ ու ըսաւ. «Տէրը ինծի ուրիշ որդի մըն ալ պիտի աւելցնէ»։

 

Ու Բեթէլէն ճամբայ ելան ու դեռ Եփրաթա չեկած քիչ մը ճամբայ մնալով՝ Ռաքէլ ծնաւ։

Ու երբ իր ծնանելուն շատ դժուարութիւն կը քաշէր, ծնուցիչը ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, քանզի աս ալ քեզի որդի է»։ Երբ անոր հոգին կ՚ելլէր, (քանզի մեռաւ,) անոր անունը Բենօնի դրաւ. բայց անոր հայրը Բենիամին կոչեց զանիկա։ Ռաքէլ մեռաւ ու թաղուեցաւ Եփրաթայի ճամբան, որ Բեթլէհէմ է։ Յակոբ անոր գերեզմանին վրայ արձան մը կանգնեցուց, որ մինչեւ այսօր Ռաքէլի գերեզմանին արձանն է։

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us