ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ
«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր
Յիսուս Գեննեսարէթի լիճին եզերքը կեցած էր, երբ ժողովուրդը սկսաւ իր շուրջ խռնուիլ՝ լսելու համար Աստուծոյ խօսքը: Անիկա երկու նաւակներ տեսաւ լիճին եզերքը. իսկ ձկնորսները նաւակէն դուրս ելած՝ իրենց ուռկանները կը լուային: Յիսուս մտաւ նաւակներէն մէկուն մէջ, որ Սիմոնին կը պատկանէր, եւ խնդրեց որ ցամաքէն քիչ մը հեռացնէ նաւակը: Եւ նաւակին մէջ նստած՝ սկսաւ ժողո-վուրդին ուսուցանել:
Երբ իր խօսքը վերջացուց, Սիմոնին ըսաւ.– Քիչ մը աւելի խորը տար նաւակը եւ ձուկ որսալու համար ձեր ուռկանները նետեցէք:Սիմոն պատասխանեց.– Վարդապե՛տ, ամբողջ գիշերը յոգնեցանք եւ ոչինչ որսացինք, բայց քու խօսքիդ համար ուռկանները նետենք: Ուռկանները նետեցին եւ մեծ քանակութեամբ ձուկ բռնեցին մէջը, այնքան՝ որ իրենց ուռկանները կը պատըռտէին: Նշան ըրին իրենց գործի ընկերներուն, որոնք միւս նաւակին մէջ էին, որպէսզի իրենց օգնութեան գան: Անոնք եկան եւ երկու նաւակները ա՛յնքան լեցուեցան, որ այլեւս պիտի ընկղմէին:
Երբ Սիմոն Պետրոս տեսաւ ասիկա, ինկաւ Յիսուսի ծունկերուն առջեւ եւ ըսաւ.– Հեռացի՛ր ինձմէ, Տէ՜ր, որովհետեւ ես մեղաւոր մարդ մըն եմ: Քանի ինք եւ իրեն հետ եղողները շատ վախցած էին, տեսնելով իրենց բռնած մեծ քանակութեամբ ձուկերը: Նոյն վիճակին մատնուած էին Զեբեդէոսի որդիները՝ Յակոբոսն ու Յովհաննէսը, որոնք Սիմոնի գործընկեր էին: Յիսուս ըսաւ Սիմոնի.– Մի՛ վախնար, ասկէ ետք մարդիկ պիտի որսաս՝ կեանքի համար: Անոնք նաւակները ցամաք հանեցին եւ ամէն ինչ ձգելով՝ հետեւեցան Յիսուսի:
Յիսուս օր մը լեռ բարձրացաւ աղօթելու համար եւ ամբողջ գիշերը Աստուծոյ աղօթելով անցուց: Առաւօտուն իր մօտ կանչեց իր աշակերտները եւ անոնցմէ տասնըերկու հոգի ընտրեց, որոնք նաեւ առաքեալ կոչեց: Այդ առաքեալներն էին՝ Սիմոնը, որ Պետրոս ալ անուանեց, անոր եղբայրը՝ Անդրէասը, Յակոբոսը, Յովհաննէսը, Փիլիպպոսը, Բարթողոմէոսը, Մատթէոսը, Թովմասը, Ալփէոսի որդին՝ Յակոբոսը, Նախանձայոյզ կոչուած Սիմոնը, Յակոբի որդին՝ Յուդան եւ Իսկարիոտացի Յուդան, որ մատնիչը եղաւ: