ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ

«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

 

Յետոյ Յիսուս Սուրբ Հոգիին կողմէ տարուեցաւ անապատ՝ Սատանայէն փորձուելու համար: Քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր ծոմապահութեամբ անցընելէ ետք՝ անօթեցաւ: Այն ատեն փորձիչը՝ Սատանան, մօտեցաւ իրեն եւ ըսաւ.– Եթէ Աստուծոյ Որդի ես, ըսէ՛ որ այս քարերը հաց դառնան: Յիսուս պատասխանեց.– Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Մարդ միայն հացով չ’ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է»: Ապա Սատանան տարաւ Յիսուսը Սուրբ Քաղաքը՝ Երուսաղէմ, եւ զայն կանգնեցնելով տաճարի աշտարակներէն մէկուն վրայ, ըսաւ անոր.– Եթէ Աստուծոյ Որդի ես, դուն քեզ հոսկէ վար նետէ. քանի Սաղմոսներուն մէջ գրուած է. «Աստուած իր հրեշտակներուն պիտի պատուիրէ քեզի համար, եւ քեզ իրենց ձեռքերուն վրայ պիտի վերցնեն, որպէսզի ոտքդ քարի չզարնուի»: Յիսուս ըսաւ անոր.– Դարձեալ, Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Քու Տէր Աստուածդ չփորձես»:  Յետոյ Սատանան կրկին առաւ տարաւ Յիսուսը շատ բարձր լեռ մը եւ անոր ցոյց տալով աշխարհի բոլոր թագաւորութիւնները եւ անոնց փառքը, ըսաւ.– Այս բոլորը քեզի՛ կու տամ, եթէ երկրպագելով՝ պաշտես զիս: Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոր.– Ետի՛ս գնա, Սատանա՛յ, որովհետեւ Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Քու Տէր Աստուածդ պէտք է պաշտես եւ միայն անո՛ր ծառայես»: Այն ատեն Սատանան ձգեց զինք ու հեռացաւ. եւ ահա հրեշտակները մօտեցան եւ կը ծառայէին Յիսուսի:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us