Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչէն (301) մինչև հայոց գիրերու գիւտը (405-406) հայոց եկեղեցիներու մէջ արարաողութիւններու ժամանակ հաւատացեալներուն համար Հայաստանի նահանգներուն մէջ Աստուածաշունչը բանաւոր կը թարգմանուէր ասորերէնէն և յունարէնէն: Այս դժուարութիւնը և անյարմարութիւնը Սահակ Կաթողիկոսը և Մեսրոպ Մաշտոցը մղեցին Աստուածաշունչը գրաւոր կերպով ունենալու անհրաժեշտութեան:

 

405-406 թուականներուն Գիրերու գիւտէն ետք Եդեսիայի մէջ ձեռնարկուեցաւ Աստուածաշունչի հայերէն առաջին թարգմանութիւնը՝ ասորորէնէ: Թարգմանութեան աշխատանքներուն Մեսրոպ Մաշտոցին օգնեցին իր աշակերտներէն Յովհան Եկեղիացեցին և Յովսէփ Պաղնացին, իսկ Հայաստանի մէջ թարգմանական գործը շարունակեց Սահակ Կաթողիկոսը իր աշակերտներուն հետ: 431 թուականին, Եփեսոսի ժողովէն ետք թարգմանիչ վարդապետները Հայաստան վերադառնալով, իրենց հետ բերին յունարէն բնագրի ընտիր օրինակ մը, որով սրբագրուեցաւ ՛՛Փութանակի՛՛ կոչուած թարգմանութիւնը:

 

Առաջին տպագիր Աստուածաշունչը հրատարաակած է Ոսկան վարդապետ Երևանցին 1666-ին Ամսթերտամի մէջ: Անիկա բաղկացած է 1462 էջերէ և ունի 159 պատկերներ: Այս տպագրութեան հիմք հանդիսացած է 1295 թուականի Հեթում Բ. թագաւորի պատուէրով ընդօրինակուած ձեռագիրը: Այս բնագիրը Ոսկան Երևանցին համեմատած է Աստուածաշունչի լատիներէն Վուլկաթա թարգմանութեան հետ:

 

Ոսկան Երևանցին հրատարակուած Աստուածաշունչի շքեղ օրինակ մը պատուիրած է հոլանտացի նշանաւոր արուեստագէտ-կազմարար Ալպերթ Մակնուսին՝ Ֆրանսայի թագաւոր Լութովիկոս 14-րդին նուիրելու համար: Այս հրատարակութիւնը այժմ կը պահուի Փարիզի ազգային գրադարանին մէջ:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us