Եղիսաբէթի յղութեան վեցերորդ ամսուան, Աստուած Գաբրիէլ հրեշտակը ղրկեց Գալիլեայի Նազարէթ քաղաքը, Մարիամ անունով կոյսի մը մօտ, որ նշանուած էր Դաւիթի սերունդէն Յովսէփ անունով մէկու մը հետ: Կոյսին անունը Մարիամ էր: Հրեշտակը Մարիամի գալով ըսաւ.– Ուրախացի՛ր, շնորհալի՛ կոյս, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ է: Մարիամ այս խօսքին վրայ խռովեցաւ. կը մտածէր թէ ի՛նչ կը նշանակէ այս ողջոյնը: Սակայն հրեշտակը ըսաւ իրեն.– Մի՛ վախնար, Մարիա՛մ, որովհետեւ Աստուծոյ շնորհքին արժանացար: Ահա պիտի յղանաս եւ զաւակ մը ծնիս, որ Յիսուս պիտի կոչես: Անիկա մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդին պիտի կոչուի: Տէր Աստուած անոր պիտի տայ իր հօրը՝ Դաւիթի գահը, եւ անիկա Յակոբի սերունդներուն վրայ յաւիտեանս պիտի թագաւորէ: Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ: Մարիամ ըսաւ հրեշտակին.– Ատիկա ի՞նչպէս կրնայ պատահիլ, երբ ամուսնացած չեմ: Հրեշտակը պատասխանեց.–  Սուրբ Հոգին քեզի պիտի գայ եւ Բարձրեալին զօրութիւնը քու վրադ պիտի հանգչի. ուստի ծնելիք զաւակդ սուրբ է եւ Աստուծոյ Որդի պիտի կոչուի: Ահա ազգականդ Եղիսաբէթն ալ, հակառակ ծեր եւ ամուլ ըլլալուն՝ վեցերորդ ամիսն է որ յղի է: Գիտցի՛ր, որ Աստուծոյ համար անկարելի բան չկայ: Մարիամ ըսաւ.– Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ:Ապա հրեշտակը գնաց Մարիամի քովէն:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us