ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ

«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

 

Նոյն պահուն, Յիսուսի աշակերտները մօտեցան իրեն եւ հարցուցին.– Մեզմէ ո՞վ է մեծը երկինքի արքայութեան մէջ: Յիսուս մանուկ մը կանչեց եւ զայն անոնց մէջտեղ կանգնեցնելով, ըսաւ.– Վստահ գիտցէք, որ եթէ չփոխուիք եւ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի արքայութիւնը պիտի չմտնէք: Արդ, ով որ իր անձը այս մանուկին պէս կը խոնարհեցնէ՝ անիկա է մեծը երկինքի արքայութեան մէջ: Եւ ով որ այսպիսի մանուկ մը իմ անունովս կ’ընդունի՝ զիս ընդունած կ՚ըլլայ:

 

Ով որ ինծի հաւատացող այս փոքրիկներէն մէկը գայթակղեցնէ, աւելի լաւ կ’ըլլայ, որ գայթակղեցնողին վիզին մեծ երկանաքար անցուի եւ ծովուն խորքը ձգուի՝ ըն-կղմելու համար: Վա՜յ աշխարհին, քանի գայթակղութիւնները անպակաս են հոն: 

Գայթակղութիւններ անպայման պիտի պատահին. բայց վա՛յ այն մարդուն, որուն ձեռքով ուրիշներ գայթակղութեան մէջ կ’իյնան: Եթէ ձեռքդ կամ ոտքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ կտրէ ու նետէ՛ զայն, որովհետեւ աւելի լաւ է մէկ ձեռքով կամ կաղ մտնել կեանքը, քան թէ երկու ձեռք եւ երկու ոտք ունենալ եւ իյնալ յաւիտենական կրակին մէջ: Եւ եթէ աչքդ քեզ կը գայթակղեցնէ՝ հանէ եւ նետէ՛ զայն. աւելի լաւ է միականի մտնել կեանք, քան թէ երկու աչք ունենալ եւ իյնալ դժոխքի կրակին մէջ:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us