Հին Կտակարան.001

Իսրայէլի որդիները Տիրոջը առջեւ չարութիւն ըրին ու Տէրը զանոնք եօթը տարի Մադիանացիներուն ձեռքը մատնեց։ Մադիանացիներուն ձեռքը Իսրայէլին վրայ ուժովցաւ ու Իսրայէլին որդիները Մադիանացիներուն պատճառով իրենց համար լեռներու մէջ խոռոչներ, քարայրներ, պատնէշներ շինեցին։ 

 

Տիրոջը հրեշտակը եկաւ ու Աբիեզերեան Յովասին բեւեկնիին տակ նստաւ, որ Եփրայի մէջ էր ու Յովասին որդին Գեդէօն հնձանին մէջ ցորեն կը ծեծէր՝ Մադիանացիներուն երեսէն փախցնելու համար։ Տիրոջը հրեշտակը անոր երեւցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ զօրաւոր կտրիճ, Տէրը քեզի հետ է»։ Գեդէօն անոր ըսաւ. «Ո՜հ, տէր իմ, եթէ Տէրը մեզի հետ է, ինչո՞ւ համար այս բոլոր բաները մեր գլխուն եկան։ Ո՞ւր են անոր հրաշքները, որոնց մասին մեր հայրերը մեզի կը պատմեն՝ ըսելով թէ ‘Տէրը մեզ Եգիպտոսէն հանեց’. բայց հիմա Տէրը մեզ երեսէ ձգեց ու մեզ Մադիանացիներուն ձեռքը մատնեց»։ Տէրը անոր նայեցաւ ու ըսաւ. «Այդ քու զօրութիւնովդ գնա՛, որպէս զի Իսրայէլը Մադիանացիներուն ձեռքէն ազատես։ Չէ՞ որ ես քեզ ղրկեցի»։ Գեդէօն անոր ըսաւ. «Ո՜հ, Տէր իմ, Իսրայէլը ինչո՞վ ազատեմ. ահա իմ ազգատոհմս Մանասէին ցեղին ամենէն աղքատն է ու ես իմ հօրս տանը ամենէն պզտիկն եմ»։ Տէրը անոր ըսաւ. «Ես անշուշտ քեզի հետ պիտի ըլլամ ու Մադիամը մէկ մարդու պէս պիտի զարնես»։ 

 

Գեդէօն Աստուծոյ ըսաւ. «Եթէ ըսածիդ պէս Իսրայէլը իմ ձեռքովս ազատելու ես, Ահա ես կալին մէջ բուրդի գզաթ մը կը դնեմ. եթէ միայն գզաթին վրայ ցօղ իջնէ, իսկ գետինը չոր ըլլայ, այն ատեն պիտի գիտնամ որ ըսածիդ պէս Իսրայէլը իմ ձեռքովս պիտի ազատես»։ Եւ այնպէս եղաւ, վասնզի առաւօտուն կանուխ ելաւ ու գզաթը քամեց։ Գզաթէն ցօղը քամեց, որ կոնք մը լեցուն ջուր եղաւ։ Այն ատեն Գեդէօն Աստուծոյ ըսաւ. «Քու բարկութիւնդ իմ վրաս չբորբոքի ու միայն այս անգամ ալ խօսիմ։ Այս անգամ գզաթովը փորձեմ. հիմա միայն գզաթը թող չորնայ ու բոլոր գետնին վրայ ցօղ ըլլայ»։ Այն գիշերը Աստուած այնպէս ըրաւ։ Միայն գզաթը չոր էր, բայց բոլոր գետնին վրայ ցօղ իջած էր։

 

Եւ Յերոբաաղ, այսինքն Գեդէօն ու անոր հետ եղող բոլոր ժողովուրդը կանուխ ելան, Հարօդի աղբիւրին քով բանակեցան։ Մադիամի բանակը անոր հիւսիսային կողմը, դէպի Մօրէի բլուրը, հովիտին մէջ էր։ Տէրը ըսաւ Գեդէօնին. «Քեզի հետ եղող ժողովուրդը շատ է. չեմ ուզեր Մադիամը անոնց ձեռքը տալ, չըլլայ որ Իսրայէլ ինծի դէմ պարծենայ ու ըսէ թէ ‘Իմ ձեռքս զիս ազատեց’։ Ուստի հիմա քարոզ կարդայ, որպէս զի ժողովուրդը լսէ ու ըսէ՛՝ ‘Ով որ վատասիրտ ու երկչոտ է, թող ետ դառնայ եւ շուտով Գաղաադ լեռնէն երթայ’»։ Ժողովուրդէն քսանըերկու հազար հոգի ետ դարձան ու տասը հազար մնացին։ Եւ Տէրը ըսաւ Գեդէօնին. «Ժողովուրդը տակաւին շատ է։ Ջուրին քով իջեցուր զանոնք ու հոն զանոնք փորձեմ եւ որո՛ւ համար քեզի ըսեմ թէ ‘Ատիկա քեզի հետ թող երթայ’, անիկա քեզի հետ թող երթայ ու որո՛ւ համար քեզի ըսեմ թէ ‘Ատիկա քեզի հետ թող չերթայ’, անիկա թող չերթայ»։ Ուստի ժողովուրդը ջուրին քով իջեցուց եւ Տէրը Գեդէօնին ըսաւ. «Ով որ շունի լափելուն պէս ջուրը լեզուովը լափէ, զանիկա առանձինն կեցուր ու ով որ խմելու համար իր ծունկերուն վրայ ծռի, զանիկա ալ առանձինն կեցուր»։ Ձեռքը բերանը տանելով լափողներուն թիւը երեք հարիւր էր եւ բոլոր մնացած ժողովուրդը իրենց ծունկերուն վրայ ծռեցան ջուր խմելու համար։ Տէրը Գեդէօնին ըսաւ. «Այն երեք հարիւր մարդոցմով, որոնք ջուրը լափեցին, ձեզ պիտի ազատեմ եւ Մադիամը քու ձեռքդ պիտի մատնեմ ու բոլոր մնացած ժողովուրդը, ամէն մարդ, իր տեղը թող երթայ»։ Ուստի ժողովուրդը իրենց ձեռքը պաշար առին եւ իրենց փողերն ալ։ Եւ Գեդէօն Իսրայէլի բոլոր մարդիկը, ամէն մէկը, իր վրանը ղրկեց, բայց այն երեք հարիւր մարդը իր քով պահեց։ Մադիամի բանակը հովիտին մէջն էր։

Նոյն գիշերը Տէրը անոր ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր ու ասկէ բանակը իջի՛ր, քանզի զանիկա քու ձեռքդ մատնեցի։ Եթէ դուն իջնելու կը վախնաս, նախ դուն քու ծառայիդ Փուրային հետ բանակը իջիր Եւ լսէ թէ անոնք ի՞նչ կը խօսին, անկէ յետոյ քու ձեռքերդ պիտի ուժովնան, որպէս զի բանակին դէմ իջնես։ Ուստի ինք եւ իր ծառան Փուրա բանակին մէջի գունդերուն ծայրը իջան։ Մադիամ եւ Ամաղէկ ու բոլոր արեւելքցիները մարախներու պէս բազմութեամբ հովիտին մէջ պառկեր էին եւ անոնց ուղտերը անթիւ էին ու ծովուն եզերքը եղող աւազին չափ շատ էին։ Գեդէօն հոն երթալով՝ լսեց որ մարդ մը իր ընկերին երազ կը պատմէր ու կ՚ըսէր. «Ես երազ մը տեսայ։ Գարեղէն հաց մը դէպի Մադիամի բանակը կը գլորուէր, վրանին հասնելով անոր զարկաւ, ձգեց ու գլխիվար դարձուց եւ վրանը ինկաւ»։ Անոր ընկերը պատասխան տուաւ եւ ըսաւ. «Ատիկա ուրիշ բան չէ, բայց միայն Իսրայելացի Յովասի որդիին Գեդէօնին սուրը։ Աստուած Մադիամն ու բոլոր բանակը անոր ձեռքը մատներ է»։

 

Երբ Գեդէօն երազին պատմութիւնն ու անոր մեկնութիւնը լսեց, Տիրոջը երկրպագութիւն ըրաւ եւ Իսրայէլի բանակը դարձաւ ու ըսաւ. «Ոտքի ելէ՛ք, քանզի Տէրը Մադիամի բանակը ձեր ձեռքը տուեր է»։ Այն երեք հարիւր մարդը երեք գունդի բաժնելով, ամենուն ձեռքը փողեր ու պարապ սափորներ տուաւ եւ սափորներուն մէջ ալ ջահեր դրաւ Ու անոնց ըսաւ. «Ինծի նայեցէ՛ք եւ այնպէս ըրէ՛ք ու երբ բանակին եզերքը հասնիմ, ես ի՛նչպէս որ ընեմ, դուք ալ այնպէս ըրէք։ Երբ ես ու բոլոր ինծի հետ եղողները փողը հնչեցնենք, այն ատեն դուք ալ բոլոր բանակին չորս կողմը փողերը հնչեցուցէ՛ք եւ ըսէ՛ք. ‘Տիրոջը ու Գեդէօնին սուրը’»։

Գեդէօն ու անոր հետ եղող հարիւր մարդը ճիշդ կէս գիշերին, երբ պահապանները նոր դրած էին, բանակին եզերքը հասան եւ փողերը հնչեցնելով ձեռքերնուն մէջ եղած սափորները կոտրտեցին։ Այն ատեն երեք գունդն ալ փողերը հնչեցուցին ու սափորները կոտրտեցին ու ձախ ձեռքով ջահերը ու աջ ձեռքով փողերը բռնած էին եւ հնչեցնելով կը պոռային ու կ՚ըսէին. «Տիրոջը ու Գեդէօնին սուրը»։ Ամէն մարդ բանակին բոլորտիքը իր տեղը կայներ էր ու բոլոր բանակը վազելով եւ աղաղակելով կը փախչէին։ Երբ այն երեք հարիւր մարդիկը իրենց փողերը հնչեցուցին, Տէրը բոլոր բանակին մէջ գտնուող ամէն մարդու սուրը իր ընկերին վրայ դարձուց եւ զօրքը փախաւ։

 

Այսպէս Մադիամ Իսրայէլի որդիներէն նուաճուեցաւ եւ այնուհետեւ չկրցաւ գլուխ վերցնել։ Ու Գեդէօնին ժամանակ երկիրը քառասուն տարի խաղաղեցաւ։

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us