ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ

«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

 

Իսկ տասնըմէկ աշակերտները գացին Գալիլեա, այն լեռը ուր Յիսուս ժամադրուած էր իրենց հետ: Երբ տեսան զինք, երկրպագեցին իրեն. բայց ոմանք տարակուսեցան: Յիսուս մօտենալով խօսեցաւ անոնց հետ: 

 

Ապա ըսաւ.– Ամէն իշխանութիւն տրուեցաւ ինծի երկինքի մէջ եւ երկրի վրայ: Ինչպէս որ Հայրը զիս ղրկեց, այնպէս ալ ես ձեզ կը ղրկեմ: Հետեւաբար, գացէք եւ բոլոր ժողովուրդները ինծի աշակերտ դարձուցէք: 

Զանոնք մկրտեցէք՝ Հօրը եւ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին անունով: Անոնց սորվեցուցէք այն բոլոր պատուիրանները որ ես ձեզի տուի. եւ ահա միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us