Հին Կտակարան.001

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ

«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

 

Երբ Փարաւոն ժողովուրդը արձակեց, Աստուած զանոնք Փղշտացիներուն երկրին ճամբայէն չտարաւ, թէեւ այն ճամբան մօտ էր, քանզի Աստուած ըսաւ. «Չըլլայ թէ ժողովուրդը զղջայ, երբ պատերազմը տեսնէ ու Եգիպտոս դառնայ»։ Հապա Աստուած ժողովուրդը Կարմիր ծովուն անապատին ճամբայէն պտտցուց ու Իսրայէլի որդիները գունդ գունդ Եգիպտոսի երկրէն ելան։ Մովսէս Յովսէփին ոսկորները իրեն հետ առաւ. վասնզի անիկա Իսրայէլի որդիներուն հաստատ երդում ընել տուած էր՝ ըսելով. «Անշուշտ Աստուած ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ, այն ատեն իմ ոսկորներս ասկէ ձեզի հետ հանեցէք»։

Տէրը անոնց առջեւէն կ՚երթար ցորեկը ամպի սիւնով՝ անոնց ճամբայ ցուցնելու համար ու գիշերը կրակի սիւնով՝ անոնց լոյս տալու համար, որպէս զի ցորեկ ու գիշեր երթան։ Ցերեկը ամպի սիւնը ու գիշերը կրակի սիւնը ժողովուրդին առջեւէն չպակսեցուց։

 

Իսրայէլի որդիները անապատին մէջ Մովսէսին ու Ահարոնին դէմ տրտունջ ըրին։ Իսրայէլին որդիները ըսին անոնց. «Երանի՜ թէ Տիրոջը ձեռքով մեռած ըլլայինք Եգիպտոսի մէջ, երբ մսի կաթսաներուն քովը նստած էինք ու կուշտ հաց կ՚ուտէինք. քանզի մեզ այս անապատը հանեցիք, որ բոլոր այս ժողովուրդը անօթութենէ մեռցնէք»։

Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Ահա ես ձեզի երկնքէն հաց պիտի տեղամ եւ ժողովուրդը պիտի ելլէ ու օրէ օր հաւաքէ ամէն մէկ օրուան պէտք եղածը, որպէս զի փորձեմ զանոնք թէ իմ օրէնքիս համեմատ պիտի քալե՞ն թէ ոչ։ Վեցերորդ օրը բերածնին թող պատրաստեն։ Անիկա ամէն օրուանին կրկինը պէտք է ըլլայ»։

 

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. «Իսրայէլի որդիներուն տրտունջը լսեցի. խօսէ անոնց՝ ըսելով. ‘Իրիկուան դէմ միս պիտի ուտէք ու առտուն՝ հացով պիտի կշտանաք եւ պիտի գիտնաք թէ ես եմ Եհովան՝ ձեր Աստուածը’»։

Իրիկունը լորամարգիներ եկան ու բանակը ծածկեցին եւ առտուն բանակին բոլորտիքը ցօղ իջաւ։ Երբ իջած ցօղը վերցաւ, ահա անապատին երեսին վրայ մանր թեփաձեւ բան մը կար, եղեամի պէս մանր, գետնին վրայ։ Երբ Իսրայէլի որդիները տեսան, իրարու ըսին. «Ի՞նչ է այս՝ ՝»։ Քանզի ի՛նչ ըլլալը չէին գիտեր։ Մովսէս ըսաւ անոնց. «Այս է այն հացը, որ Տէրը ձեզի ուտելու տուաւ։ Տիրոջը պատուէրն է. հաւաքեցէ՛ք անկէ ամէն մէկդ իր կերածին չափ. ամէն մէկդ իր վրանին մէջ եղողներուն համար ձեր հոգիներուն համրանքին նայելով, մարդ գլուխ մէկմէկ օմէր առէք»։

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us