Հին Կտակարան.001

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ

«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

 

Մովսէսին աները՝ Մադիամի քուրմը Յոթոր՝ լսեց այն ամէնը, որ Աստուած ըրաւ Մովսէսին ու իր Իսրայէլ ժողովուրդին եւ թէ Տէրը Եգիպտոսէն հանեց Իսրայէլը։ Մովսէսին աները՝ Յոթոր՝ առաւ Մովսէսին կինը Սեպփօրան, զանիկա ետ ղրկելէն ետքը Եւ անոր երկու որդիները՝ որոնց մէկուն անունը Գերսամ էր. վասնզի ինք ըսեր էր. ‘Օտար երկրի մէջ պանդուխտ եմ’ Եւ միւսին անունը Եղիազար էր, վասնզի ըսեր էր. ‘Իմ հօրս Աստուածը իմ օգնականս էր, որ զիս Փարաւոնին սուրէն ազատեց’։ Մովսէսին աները՝ Յոթոր՝ անոր որդիներուն ու անոր կնոջը հետ եկաւ Մովսէսին՝ դէպի անապատը՝ ուր անիկա բանակ դրեր էր Աստուծոյ լերանը քով։ Եւ իմացուց Մովսէսին՝ ըսելով. «Ե՛ս, քու աներդ Յոթոր, քեզի կու գամ, նաեւ քու կինդ իր երկու որդիները իմ հետս»։ Մովսէս իր աները դիմաւորելու գնաց եւ անոր խոնարհութիւն ըրաւ ու համբուրեց զանիկա եւ իրարու ողջութիւն հարցուցին ու վրանը մտան։ Մովսէս իր աներոջ պատմեց այն ամէնը, որ Տէրը ըրաւ Փարաւոնին ու Եգիպտացիներուն՝ Իսրայէլին համար եւ ճամբուն մէջ բոլոր իրենց քաշած նեղութիւններն ու Տիրոջը զիրենք ազատելը։ Եւ Յոթոր ուրախացաւ բոլոր բարութիւններուն համար, որոնք Տէրը ըրաւ Իսրայէլին, փրկելով զանոնք Եգիպտացիներուն ձեռքէն։ Եւ Յոթոր ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Տէրը, որ ազատեց ձեզ Եգիպտացիներուն ձեռքէն ու Փարաւոնին ձեռքէն. վասնզի ազատեց իր ժողովուրդը Եգիպտացիներուն ձեռքին տակէն։ Հիմա գիտեմ թէ Եհովա բոլոր աստուածներէն մեծ է. քանզի ինչ բանի մէջ որ կը հպարտանային, անոնցմէ վեր երեւցաւ»։ Մովսէսին աները՝ Յոթոր՝ ողջակէզ ու զոհեր բերաւ Աստուծոյ եւ Ահարոն ու Իսրայէլի բոլոր ծերերը Մովսէսին աներոջ հետ Աստուծոյ առջեւ հաց ուտելու եկան։

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us