Հին Կտակարան.001

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ

«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

 

Տէրը երեւցաւ Աբրահամին Մամբրէի կաղնիներուն մէջ, երբ անիկա օրուան տաք ատենը վրանին դուռը նստեր էր եւ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ, ահա երեք մարդիկ կայներ էին իրեն մօտ ու երբ տեսաւ զանոնք, վրանին դռնէն վազեց զանոնք դիմաւորելու ու մինչեւ գետինը ծռելով խոնարհութիւն ըրաւ եւ ըսաւ. «Տէ՛ր իմ, հիմա եթէ շնորհք գտայ քու առջեւդ, կ՚աղաչեմ քեզի, քու ծառայիդ բնակարանէն մի՛ անցնիր. կ՚աղաչեմ ձեզի, քիչ մը ջուր բերուի ու ոտքերնիդ լուացէք ու ծառին տակ հանգստացէ՛ք. եւ պատառ մը հաց բերեմ ու սրտերնիդ զօրացուցէք, ետքը անցէք. քանզի ասոր համար ձեր ծառային քով եկաք»։

 

Անոնք ըսին. «Ինչպէս ըսիր, այնպէս ըրէ»։ Աբրահամ արտորալով դէպի վրանը Սառային գնաց ու ըսաւ. «Շուտով երեք գրիւ բարակ ալիւր շաղէ ու շօթեր շինէ»։ Եւ Աբրահամ վազեց արջառներուն ու մատղաշ ու աղէկ հորթ մը առաւ ու պատանիի մը տուաւ. ան ալ շուտով պատրաստեց զանիկա։ Եւ կոգի ու կաթ ու իր պատրաստած հորթը առաւ եւ անոնց առջեւ դրաւ ու ինք ծառին տակ անոնց քով կայնեցաւ։ Անոնք կերան եւ ըսին իրեն. «Ո՞ւր է քու Սառա կինդ» ու ինք ըսաւ. «Ահա վրանին մէջ է»։ Տէրը ըսաւ. «Գալ տարի՝ անշուշտ քեզի պիտի դառնամ եւ ահա քու կինդ Սառա որդի մը պիտի ունենայ»։

 

Տէրը իր ըսածին պէս Սառային այցելեց եւ խոստացածին պէս ըրաւ Սառային։  Սառա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ Աբրահամին՝ իր ծերութեան ատենը, այն նոյն ժամանակին, որ Աստուած ըսեր էր անոր։ Եւ Աբրահամ իրեն ծնած, այսինքն Սառային իրեն ծնած, իր որդիին անունը Իսահակ դրաւ։ Եւ Աբրահամ թլփատեց իր որդին Իսահակը, երբ ութը օրուան եղաւ, ինչպէս Աստուած իրեն պատուիրեր էր։ Աբրահամ հարիւր տարեկան էր, երբ իր որդին Իսահակ ծնաւ իրեն։ Սառա ըսաւ. «Աստուած զիս խնդացուց եւ ամէն լսող ինծի հետ պիտի խնդայ»։ Նաեւ ըսաւ. «Աբրահամին ո՞վ կ՚ըսէր, թէ Սառան տղաքներ պիտի սնուցանէ. քանզի իր ծերութեան ատեն իրեն որդի ծնայ»։ Տղան մեծցաւ ու կաթէն կտրուեցաւ եւ Աբրահամ մեծ խնճոյք ըրաւ Իսահակին կաթէն կտրուած օրը։

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us