ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԻ
«ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ ՏԱՆ ՄԷՋ» Ծրագիր

Եւ Աստուած յիշեց Նոյը ու անոր հետ տապանին մէջ եղած բոլոր գազանները ու բոլոր անասունները։
Աստուած երկրի վրայ հով մը բերաւ ու ջուրերը նուազեցան։ Նաեւ անդունդին աղբիւրները ու երկնքի
պատուհանները գոցուեցան եւ երկնքի անձրեւը կտրեցաւ։ Ու երթալով ջուրերը երկրի վրայէն քաշուեցան ու
հարիւր յիսուն օրէն ետքը ջուրերը քիչցան։ Եօթներորդ ամսուն, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, տապանը
Արարատ լեռներուն վրայ նստաւ։

Նոյի կեանքին վեց հարիւրմէկերորդ տարուան առաջին ամսուան առաջին օրը, ջուրերը երկրին վրայէն
ցամքեցան։ Նոյ տապանին ծածկոցը վերցուց ու նայեցաւ եւ ահա երկրին երեսը ցամքեր էր։ Ու երկրորդ
ամսուն՝ ամսուան քսանըեօթներորդ օրը երկիրը չորցաւ։

Եւ Աստուած խօսեցաւ Նոյին ու ըսաւ. «Տապանէն դուրս ելիր դուն ու քու կինդ եւ քու որդիներդ եւ քու
որդիներուդ կիները քեզի հետ։ Քեզի հետ եղող ամէն կենդանի ամէն մարմինէ՝ թէ՛ թռչունները, թէ՛
անասունները եւ թէ՛ երկրի վրայ սողացող բոլոր սողունները քեզի հետ հանէ, որպէս զի երկրի վրայ
բազմանան ու երկրի վրայ աճին ու շատնան»։ Նոյ ու իր որդիները եւ իր կինը եւ իր որդիներուն կիները
իրեն հետ ելան:

Նոյին որդիները, որոնք տապանէն ելան, Սէմ, Քամ ու Յաբեթ էին։ Եւ Քամ Քանանի հայրն էր։ Այս երեքը
Նոյի որդիներն էին եւ ասոնցմէ բոլոր երկիրը տարածուեցան։
Նոյ առաջին երկրագործն էր։ Այգի տնկեց։ Գինիէն խմեց ու գինովցաւ:

  • Quiz

If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us