Prelate visits Vancouver March 21-25, 2015

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Վանգուվըր

20-25 Մարտ 2015, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, գտնուեցաւ Վանգուվըր վեցօրեայ այցելութեամբ:

_DSF6626 _DSF6744 IMG_5406

Այցելութեան ընթացքին, Սրբազան Հայրը յաջորդաբար այցելեց գաղութի երախտարժան տարեց սերունդի անդամները, Mountain View գերեզմանոցի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձանը, ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Պատանեկանի կազմակերպած գեղարուեստական յայտագրին, քաջալերեց նաեւ Երիտասարդացի անդամները որպէսզի Վանգուվըրի համայնքի ապագան այսօր կազմակերպեն:

Վանգուվըրի Ս. Գրիոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով եւ ներկայութեամբ մեծաթիւ հաւատացեալներու մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Սուրբ Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ ձեռնադրութիւններու շարք մը: Ա.- Դպրութեան աստիճան ստացան պատանիներ՝ Արէք Պէշտիքեանն ու Սիմոն Պախչէճեանը: Բ.- Կիսասարկաւագութեան աստիճան ստացաւ Բժիշկ Գրիգոր Պէպէճեանը: Գ.- Սարկաւագութեան աստիճանին բարձրացաւ Տիրացու Արա Պաղամեանը:

Մանրամասնութիւնները կարդալ.-http://www.stgregorychurch.ca/2015/03/20/visit-of-h-g-bish-meghrig-parikian/



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us