Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց
Ազգային Բարերար Տիկին Հերմինէ Վարդանեանին
Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեան, Կիրակի, 6 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, այցելեց Տիկին Հերմինէ Վարդանեանին, Լաւալահայ գաղութի բարերարուհի եւ նախագահուհի եկեղեցաշինութեան հանգանակային կալա ճաշկերոյթին, որ տեղի պիտի ունենայ, Սեպտեմբեր 20, 2014-ին։
Սրբազան Հօր այցելութիւնը կը միտէր իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւն յայտնել, Սուրբ Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ այս նուիրեալ ու ազնուափայլ տիկնոջ, որ իր կարելիութեան սահմաններէն ներս, միշտ նեցուկ կանգնած է Լաւալի Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ ընտանիքին։
Այցելութեան ներկայ էին նաեւ, տիկին Հերմինէ Մանուկեան, փոխ-ատենապետուհի՝ Սուրբ Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան, Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեան, ատենապետ՝ Եկեղեցաշինութեան Հանգանակային Մարմնին եւ պրն. Զաւէն Չօգագլեան, ատենապետ՝ Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին։