Prelate visited Holy Trinity Church in Toronor

holy-trinity-churchԱռաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցի

Ուրբաթ, 25 Նոյեմբեր 2016-ին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Թորոնթոյի մէջ այցելեց Էջմիածնական Թեմի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարքարեանի եւ ծխական խորհուրդի անդամներուն կողմէ։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Հոգեւոր Հովիւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան, ատենապետ Ազգային Վարչութեան, Պրն. Յարութ Գասապեան, փոխ-ատենապետ Ազգային Վարչութեան եւ Թորոնթոյի միջ-յարանուանական յանձնախումբի ատենապետ Պրն. Յակոբ Ճանպազեան։

Այցելութիւնը առիթ մըն էր, որ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ծանօթանայ եկեղեցւոյ հովիւին։ Հանդիպման ընթացքին, Սրբազան Հայրը գնահատեց զոյգ եկեղեցիներու համագործակցութիւնը եւ յատկապէս միջ-յարանուանական յարաբերութիւններու ծիրէն ներս կատարուած նախաձեռնութիւնները։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us