31 Oct Prelate Tcharian Baptizes Armenian children
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Նախագահեց
Երեխաներու Հաւաքական Սուրբ Մկրտութեան Թորոնթոյի մէջ
Կիրակի, 30 Հոկտեմբեր 2016-ին, Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սուրիահայ երեխաներու հաւաքական Ս. Մկրտութիւն, որուն նախագահեց թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան։
Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանի եւ Հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած էր հաւաքական մկրտութիւն, անոնց համար որոնք պայմաններու բերումով առիթ չէին ունեցած մկրտուելու։
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս մկրտութեան աւարտին, իր խօսքին մէջ առաջին հերթին գնահատեց եկեղեցւոյ հովիւներն ու հոգաբարձութիւնը, որոնք գեղեցիկ մտայղացումը ունեցած էին հաւաքական մկրտութիւն կազմակերպելու։ Գնահատեց նաեւ ծնողները, որոնք պատրաստակամ եղան իրենց զաւակները բերելու եկեղեցի որպէսզի Հայ Եկեղեցւոյ առաջին խորհուրդները ստանան։ Իր խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը հակիրճ ձեւով բացատրեց մկրտութեան եւ դրոշմի Ս. Խորհուրդներու իմաստը, ըսելով որ ջուրի լուացումը խորհրդանիշ է մեղքերու քաւութեան եւ թողութեան, իսկ Ս. Միւռոնով օծումը խորհրդանիշ է սուրբ հոգւոյն շնորհքներու զարդարման։
Աւարտին Հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էր յատուկ ընդունելութիւն մկրտեալներուն ու անոնց ընտանիքներուն ու հարազատներուն համար։