Archbishop Papken appoints Father keghart Vicar of Prelacy

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան
կը նշանակուի
Առաջնորդական Փոխանորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի

            Բարձր տնօրինութեամբ, Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի, Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան կը նշանակուի Առաջնորդական Փոխանորդ, Գանատայի Հայոց Թեմին:         

            Գերապատիւ՝ Տէր Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Աբեղայական ձեռնադրութիւն ստացած է 2001 թուականին, ձեռամբ Վարուժան Արք. Հերկելեանի, այնուհետեւ ծառայելով որպէս կուսակրօն քահանայ, Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս: 2009 թուականին ստացած է վարդապետական աստիճան, ձեռամբ՝ Նարեկ Արք. Ալէմէզեանի, իսկ 2016ին ստացած է Ծայրագոյն Վարդապետական աստիճան, ձեռամբ Խաժակ Արք. Յակոբեանի:        

            Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը աւարտելէ ետք, Հայր Գեղարդ հետեւած է աստուածաբանական յատուկ դասընթացքներու, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Դպրոցէն ներս, ինչպէս նաեւ՝ Զուիցերիոյ Պոսէի Միջ-Եկեղեցական Հիմնարկէն ներս:

            Հայր Գեղարդ ստանձնած է հետեւեալ պատասխանատուութիւնները.

  • Մ.Տ.Կ. Կաթողիկոսութեան Միջ-Եկեղեցական Յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչի օգնական
  • Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի տեսուչի օգնական
  • Երիտասարդական Բաժանմունքի վարիչ
  • Թեսաղոնիկահայ գաղութի հոգեւոր հովիւ, Յունաստան

            2009 թուականէն ի վեր, Հայր Գեղարդ հաստատուած է Գանատա, նախ ծառայելով Սենթ Գաթրինզի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ, միեւնոյն ժամանակ՝ ստանձնելով Միացեալ Նահանգներու Նիակարա Ֆոլզ շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ այցելու հովիւի պարտականութիւնը: Ապա, 2012ին Հայր Սուրբը նշանակուած է Գէյմպրիճի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ Հովիւ:   

            2009-2012 Հայր սուրբը վարած է Գանատայի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան Խորհուրդի Վարիչի պաշտօնը:       

            Գանատա հաստատուելէ ետք, Հայր Գեղարդ հետեւած է աստուածաբանական բարձրագոյն ուսման, Համիլթըն քաղաքի Մքմասթըր համալսարանէն ներս, եւ արժանացած Սուրբ Գրային Աստուածաբանութեան Մագիստրոսի (Master’s) վկայականին:        

            2016 Ապրիլէն սկսեալ, Հայր Գեղարդ կը ծառայէ Թորոնթոյի Հայց. Առաքելական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ, որպէս Հոգեւոր Հովիւ: 

            2017-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր տնօրինումով, Հայր Գեղարդ նշանակուեցաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչը՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի «Խաղաղութեան եւ Արդարութեան Ուխտագնացութիւն» Յանձնաժողովին:

            Հայր Սուրբը իր Աստուածատուր շնորհներով ձեռներեցութեամբ վարած է իրեն վստահուած առաքելութիւնը եւ ծառայական իր այս նոր հանգրուանին կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ:

ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Մոնթրէալ, 6 Յունուար 2018

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us