Prelate Sarkissian in Cambridge

ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ
ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ

4444_editedԵրկուշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Շահան Սրբազանը, ընկերակցութեամբ Հոգեւորականաց եւ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչներուն, ժամանեցին Գէմպրիճ, ուր դիմաւորուեցան Գէմպրիճի Ս. Նշան եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեանի, Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան Գէմպրիճի ներկայացուցիչ՝ Տիար Մայք Թիթիզեանի, երեսփոխաններու, Հոգաբարձուներու, «Արամ Դրօ» Կոմիտէի եւ գործակից միութեանց եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Յետ մտերմիկ ծանօթացման, երեկոյեան ժամը 8։30-ին տեղի ունեցաւ ժողովրդային հաւաք, Հայ Կեդրոնի «Փոստաճեան» սրահին մէջ։ Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Գեղարդ Վարդապետը, ներկաներուն յիշեցուց, որ հանդիպման գլխաւոր նպատակն է լսել Բերիոյ Հայոց Թեմի խիզախ Առաջնորդին պատգամը եւ օժանդակել համանուն Թեմի «Դպրոց Հիմնադրամ»ին։ Հայր Սուրբի խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ տեսասկաւառակի ցուցադրութիւն, որմէ ետք Նազիկ Հաննէշեանի կողմէ ներկայացուեցաւ կենսագրականը Շահան Սրբազանին, որ իսկոյն հրաւիրուեցաւ իր պատգամը փոխանցելու Գէմպրիճահայ Համայնքին։ Շահան Սրբազան հանգամանօրէն ներկայացուց Սուրիահայ Համայնքի ներկայ դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները, եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն զօրավիգ կանգնելու Սուրիահայ իրենց եղբայրներուն եւ քոյրերուն։ Շահան Սրբազան շեշտեց որ ամէն բանէ աւելի բարոյական ընկճուածութիւնն է որ կը քայքայէ Համայնքը։ Սրբազան Հայրը կոչ ուղղեց, որպէսզի Սփիւռքի Հայութիւնը յուսատու դառնայ Սուրիահայութեան ո՛չ միայն նիւթական օժանդակութեամբ, այլ՝ բարոյական ներգործութեամբ։

Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ իր քաջալերական խօսքով յորդորեց զօրավիգ կանգնիլ Բերիոյ Հայոց Թեմի «Դպրոց Հիմնադրամի»ն ու աղօթքով փակեց երեկոն։

2_edited[4] 555_edited 3333333_edited[1]



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us