Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեցաւ Եպիսկոպոս Քասին
Չորեքշաբթի 1 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեցաւ Ռումանիոյ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Տ. Իյօն Քասին Եպիսկոպոսն ու Canadian Centre for Ecumenism-ի Տնօրէնուհի՝ Ատրիանա Պարան։
Սրբազաններու մտերմիկ զրոյցը կեդրոնացած էր երկու եկեղեցիներու յարաբերութեան եւ համագործակցութեան նիւթին շուրջ. ինչպէս նաեւ առիթ մը եղաւ ակնարկ մը նետելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք ձեռնարկներուն եւ նախաձեռնութիւններուն։