Prelate in WInnipeg NOV 5-6, 2016

Առաջնորդ Սրբազան Հօր

Անդրանիկ Այցելութիւնը Ուինիփեկի Հայ Համայնքին

 

20161105_161848Շաբաթ, 5 Նոյեմբեր, 2016-ին, Ուինիփեկի Ս. Վարդան Եկեղեցւոյ համայնքի ներկայացուցիչներ` տեարք Սարօ Պօղոսեան, Հայկ Վանլեան եւ Գագիկ Ղարակոզեան, Ուինիփեկի օդակայանին մէջ դիմաւորեցին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերշն. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանը, որ իր անդրանիկ այցելութիւնը կու տար շրջանի հայ համայնքի զաւակներուն։ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէր` Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Գերպտ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, հոգաբարձական կազմի անդամներու ընկերակցութեամբ, նախ այցելեց Ուինիփեկի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանը, ուր ծանօթացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յատուկ բաժինին, եւ դիտեց թանգարանին կողմէ անգլերէն լեզուով պատրաստուած “Acts of Conscience” վաւերագրական ֆիլմը։

Երեկոյեան, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ, Hilton պանդոկի սրահէն ներս։ Ճաշկերոյթին կազմակերպուած էր գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, փոքրիկներու ասմունքով, երգեցողութեամբ Սվետլանա Ղարակոզեանի, Սարմէն եւ Դալար Պօղոսեաններու, դաշնակի նուագակցութեամբ Տիգրան Սահակեանի, եւ տուտուկահար Սարմէն Պօղոսեանի։

Ընթացքին` Ս. Վարդան Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան խօսքը փոխանցեց Պրն. Սարօ Պօղոսեան, ապա` Հայր Գեղարդ փոխանցեց իր սրտի խօսքը, իսկ Առաջնորդ Սրբազան Հօր Հայրական պատգամով ճաշկերոյթը հասաւ իր աւարտին։

Կիրակի, 6 Նոյեմբեր 2016-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ խորանին ծառայեց նաեւ Գեղարդ Ծ. Վարդապետ։ Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առիթը ունեցաւ դարձեալ ըլլալու գաղութի անդամներուն հետ, որմէ ետք վերադարձաւ Մոնթրէալ։

Archbishop Papken visits Winnipeg

On Saturday, November 5, 2016, His Eminence Archbishop Papken Tcharian arrived in Winnipeg to visit the Armenian Community.

Prelate Tcharian was greeted by St. Vartan Church Board of Trustees and Most Rev. Father Keghart Kosbakian, pastor of St. Mary Armenian Apostolic Church. Afterwards, Archbishop Papken visited the Canadian Museum for Human Rights along with Father Keghart and the Board of Trustees. Same night, the community organized a special banquet honouring Archbishop Papken.

On Sunday, His Eminence delivered Divine Liturgy at Chappellerie du Coeur immacule.

img_0169



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us