ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՕԹԹԱՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴՐՕՇԻ ԲԱՐՁՐԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆ

             Երեքշաբթի, 21 Սեպտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Վերանկախացման 30-ամեակին առթիւ, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան մասնակցեցաւ Օթթաուայի քաղաքապետարանին առջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշի բարձրացման հանդիսաւոր արարողութեան, որ կազմակերպուած էր Գանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կողմէ:

            Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին՝ Լաւալի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժանապատիւ Տ. Յակոբ Քհնյ. Գեադայեանը, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիկին Ծովիկ Թերզեանն ու ատենադպիր՝ Տիկին Աննա Պուլկարեանը:

            Միջոցառման ներկայ էր Օթթաուայի  Քաղաքապետը՝ Ճիմ Ուաթսընը, ինչպէս նաեւ շարք մը դեսպաններ, Գանատայի արտաքին գերատեսչութեանց ներկայացուցիչներ, առաջնորդներ, հայկական միութեանց և համայնքային ներկայացուցիչներ։

            Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Հայաստանի վերանկախացման 30 ամեակն ու շեշտեց միասնութեան, համագործակցութեան ու արդիւնաւոր գործի հրամայականները:

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us