Prelate and Executive Council in Toronto

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Թորոնթոյի Մէջ
Ս. Աստուածածանայ Վերափոխաման Տօնին առիթով

Շաբաթ, 12 Օգոստոս 2017-ին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս ընկերակցութեամբ Ազգային Վարչութեան անդամներուն այցելեց Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցի։

Նոյն երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց ձեռնադրութիւններ՝ Դպրաց եւ Կիսա-սարկաւագներու յընթացս Վերափոխման տօնին առիթով տեղի ունեցող ժամերգութեանց։

Կիրակի առաւօտ, Թեմակալ Առաջնորդը պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք եւ խաղողօրհնէք։

Նոյն շաբաթավերջի ընթացքին, Ազգային Վարչութիւնը գումարեց իր լիագումար ժողովը եւ հանդիպում ունեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւիյ Հոգեւոր Հովիւին եւ օգնականին ու եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան անդամներուն հետ։

 



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us