Շաբաթ, 7 Յունիս 2014-ին, տեղի ունեցաւ վաղամեռիկ Կրէկ Պէքարեանի նուիրուած բարեսիրական «Կալա» ճաշկերոյթը՝ կազմակերպուած Պէքարեան ընտանիքի կողմէ:
Սոյն Ձեռնարկին ներկայ էր Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրի Սրբ. Եպս. Բարիքեան։ Սրբազան Հայրը ձեռնարկին խօսք առնելով, գնահատեց Տէր եւ Տիկին Զոհրապ եւ Մարալ Պէքարեան ամոլը իրենց այս գեղեցիկ մտայղացումին համար, զոր միաժամանակ թէ դաստիարակիչ է եւ թէ օրինակելի։ Սրբազան Հայրը ներկաներուն յիշեցուց, որ բարեգործութիւնը Քրիստոնեայ անհատին հոգիի արտացոլացումն է առօրեայ կեանքին մէջ եւ ողջունեց Պէքարեան ամոլին այն մտածումը, որով յետ այսու ամէն տարի Հանգուցեալ Դպիր Կրէկ Պէքարեանին նուիրուած բարեսիրական ճաշկերոյթը պիտի կատարուի Ազգային Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ։ Սրբազան Հայրը Կրէկ Պէքարեանի հոգւոյն խաղաղութեան աղօթքով աւարտեց իր խօսքը։
Կիրակի, 8 Յունիս 2014-ի առաւօտուն, Հոգեգալստեան Տօնի առթիւ, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց՝ Առաջնորդ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեան։ Սրբազան Հայրը իր պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։
Ան բնաբան ունէր. «Խաղաղութիւն Զիմ Տամ Ձեզ»։ Սրբազան Հայրը ներկաներուն յիշեցուց Ս. Հոգւոյ ներգործութեան հրամայականութիւնը մեր կեանքին մէջ։ Ան կարեւորութեամբ շեշտեց Սուրբ Հոգւոյն արծարծումը մարդուն կողմէ եւ իր խօսքի աւարտին գնահատեց 56 Հայ երիտասարդներ եւ մայրեր, իրենց զաւակները Ազգային շունչով մեծցնելու կարեւորութիւնը շեշտած ըլլալնուն համար։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Հ.Օ.Միութեան Ամէնօրեայ Ձարժարանի Ծաղիկ դասարանի աշակերտները ստացան Սուրբ Հաղորդութիւն։
Կէսօրէ ետք, Իրաքահայ «Զախօ» քաղաքի բնակիչներէն, որոնք կը գտնուին Թորոնթօ, ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ունեցան (Ագապէ) սիրոյ սեղան մը, եկեղեցւոյ Յովնանեան սրահին մէջ։
Ուրբաթ, 13 Յունիս 2014-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Միութեան 12-րդ դասարանի վկայականաց բաշխման հան-դիսութիւնը, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպս. Բարիքեանի: Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընկերակցեցան եկեղեցւոյս ծխատէր քահանան՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Աւ. Քհն. Փանոսեան եւ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչ՝ պրն. Յարութ Սարգիսեան։
Կիրակի, 15 Յունիս 2014-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։ Սրբազան Հայրը քարոզի իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն բնաբան ունենալով. «Յիշեա Տէր եւ Ողորմեա»։ Ան թելադրեց ներկաներուն, իրենց կեանքի նշանաբանը ունենան այս երեք բառերը։
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, Քէսապի մէջ 40 օրեր առաջ նահատակուած Վարդան Անտրեանին յիշատակին։
Ապա Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուեցաւ Հ.Մ.Ը.Միութեան սկաուտական հանդէսին, ուր ան օրհնեց նոր աստիճան ստացող սկաուտները եւ մաղթեց անոնց, որ մնան հաւատարիմ ՀՄԸՄ-ի Բարձրացիր-Բարձրացուր նշանաբանին։
Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ «Հայրերու Տօն» եկեղեցւոյս Յովնանեան սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբին, որուն ներկայ գտնուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը: Իր խօսքին մէջ, ան վեր առաւ Հօր դերը մեր կեանքին մէջ եւ պարգեւատրեց երկու ծխայիններ՝ տոքք. Սամի Կարապետեանը եւ պրն. Հանրի Աբրահամեանը։
Երեկոյեան Ժամը 6։00ին, տեղի ունեցաւ Հայ Աստղեր Մանկապատենական Երգչախումբի տարեկան համերգը։ Համերգը կը վայելէր Առաջնորդի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընկերակցեցան՝ եկեղեցւոյ ծխատէր քահանան եւ Հոգաբարձութեան ատենադպիր տիկին Արմիկ Պետրոսեանը։
Համերգի վերջաւորութեան Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բեմ բարձրացաւ, իր շնորհաւորութիւնները փոխանձեց երգչախումբի ղեկավարուհիին, դաշնակահարին, պատասխանատուներուն եւ մանաւանդ պատանիներուն եւ զանոնք քաջալերեց ու գնահատեց իրենց նուիրումին համար:
Չորեքշաբթի, 25 Յունիս 2014-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան, իր կողքին ունենալով Ազգային Վարչութեան կազմը, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեանի, Առաջնորդարանէն ներս ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն, Հորիզոն Շաբաթաթերթի Վարիչ Խմբագիրը, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը եւ Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութեան Շրջանային Վարչութիւններն ու տեղական կոմիտէութեանց ներկայացուցիչները:
Հինգշաբթի, 26 Յունիս 2014-ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց ՀՕՄ-ի Ծաղկոցը եւ երեխաներուն հետ ծանօթանալով, իրենց հետ անցուց հաճելի պահեր:
Ուրբաթ եւ Շաբաթ, 27-28 Յունիս 2014-ի շաբաթավերջին, տեղի ունեցաւ Ազգային Վարչութեան լիագումար ժողովը, Մոնթրէալի մէջ:
Ուրբաթ, 4 Յուլիսին, Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ արուեստագէտ Տիգրան Համասեանին հետ, ուր խօսեցան 100-ամեակի նուիրուած յատուկ ծրագրի մը մասին:
Նոյն յետ-միջօրէին, Գերյարգելի Տ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան, Առաջնորդական Փոխանորդ ԱՄՆ եւ Գանատայի, այցելեց Սրբազան Հօր՝ շնորհաւորելու անոր Առաջնորդական ընտրութիւնը:
Կիրակի, 6 Յուլիսի առաւօտեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց Գանատայի Կրօնքներու Ազատութեան Դեսպան, տոքթ. Անտրու Պէնէթը: Հանդիպման ընթացքին, արծարծուեցան կրօններու հետ կապուած դժուարութիւնները, յատկապէս Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած նորօրեայ ճգնաժամը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծրագիրներուն մասին, ինչպէս նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի եւ Գանատայի Կրօններու Ազատութեան Գրասենեակի միջեւ շարք մը ծրագիրներու գծով համագործակցութեան մասին:
Կիրակի, 6 Յուլիսին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց իր Անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը՝ Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ: Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Աջահամբոյր եւ սիրոյ սեղան:
Երեքշաբթի, 8 Յուլիսին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցելեցին Ս. Գէորգ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Դպրաց Դասը իրենց շնորհաւորութիւնն ու երախտագիտութիւնը փոխանցելու նորընտիր Առաջնորդին: