Սրբազան Հայրը Պարգեւատրեց Օթթաոաւյի Հայ Տարեցները
Շաբաթ, 29 Նոյեմբեր 2014-ին, Գանատայի Մայրաքաղաք` Օթաուայի մէջ, ընդ բարձր հովանաւորութեամբ Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Սրբ. Եպկ. Բարիքեանի եւ կազմակերպութեամբ Հ.Օ.Մ.ի «Սեւան» մասնաճիւղին, Հայաստանի Հանրապետու-թեան Դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Տարեցներու պարգեւատրում։ Ներկայ էին Պատուակալ Դեսպանն ու իր տիկինը, սոյն մայրաքաղաքին մէջ ապրող հայ տարեցները, Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի Վարիչ, Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեան՝ Ազգային Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի Ատենապետ եւ Ազգային Առաջնորդարանի Դիւանապետ Տանիա Օհանեան։
Պարգեւատրման երեկոն ընթացաւ ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտով, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։ Աւարտին, Թեմակալ Առաջնորդը իր խօսքին ընդմէջէն նախ շնորհաւորեց տարեցները շեշտելով թէ 2014 տարին Հայ Տարեցներու Տարի Հռչակուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ, յիշեցնելով որ մեծերը յարգելը, սիրելը եւ պատուելը, առաքինութեանց լաւագոյնն է։ Վերջապէս Սրբազան Հայրը Շնորհակալութիւն յայտնեց Պատուակալ Դեսպանին եւ իր տիկնոջ իրենց յաճախակի հիւրընկալութեան եւ ծառայասիրութեան համար, յիշեցնելով թէ Դեսպանատունը սփիւռքի մէջ կտոր մը Հայրենիք է, որուն վրայ կենալով, մենք կ’ապրինք ու կը համակուինք Մայր Հայրենիքի հանդէպ ունեցած հարազատ զգացումներով։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատեց նաեւ Հ.Օ.Մ.ի «Սեւան» մասնաճիւղը իրենց այս նախաձեռնութեան համար եւ նուիրական ու շարունական ճիգերուն համար, որպէս մարդասիրական կազմակերպութիւն։