PRELACY Youth Gathering

IMG_2063Ազգային Առաջնորդարանի
Քրիստոնէական եւ Հայեցի
Դաստիարակութեան Խորհուրդներու
Տարեկան Երիտասարդական Համագումար

Հովանաւորութեամբ Տ. Սուրէն Սրբ. Արք. Գաթարոյեանին՝ Հայրապետական Ներկայացուցիչ Գանատայի Հայոց Թեմի եւ կազմակերպութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական եւ Հայեցի  Դաստիարակութեան Խորհուրդներուն, տեղի ունեցաւ տարեկան Երիտասարդական Համախմբումը Յունիս 3-5 շաբաթավերջին, Kinkora Camp-ի մէջ աւելի քան 50 երիտասարդներու մասնակցութեամբ, որոնք ժամանած էին Մոնթրէալէն, Լաւալէն, Թորոնթոյէն եւ Քէմպրիճէն։

Այս տարուան համագումարի գլխաւոր թեման «Ծառայութեան Տարի»ն էր, որուն շուրջ ներկայացուեցան բազմաթիւ դասախօսութիւններ եւ բանավէճեր, առիթ ընծայելով երիտասարդին անձնական կամ ընկերային հարցեր ուղղելու, գաղափարներ արտայայտելու եւ զրուցելու ներկաներուն հետ։

Առաջին օրը Արժանապատիւ Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեան, ներկայացուց «Եկեղեցւոյ ծառայական կարգերը» բացատրելով Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ աստիճանաւորումներն ու պայմանները, սկսելով դպիրէն մինչեւ Կաթողիկոս կարգերն ու աստիճանները։ Դասախօսութեան ընթացքին ան ցոյց տուաւ նաեւ քահանային պատարագի  զանազան զգեստները։

Երկրորդ դասախօսն էր պրն. Մոսիկ Թոփուզեան, որ ներկայացուց «Սէրը՝ պայման ծառայութեան մէջ» նիւթը, ի մտի ունենալով սիրոյ եւ ծառայութեան տեղը մեր առօրեայ անձնական, ազգային, գաղութային եւ քրիստոնէական կեանքին մէջ։ Դասախօսութեան շարքը շարունակուեցաւ պրն. Գրիգոր Դերձակեանի ներկայացումով՝ «Վիժում, անձնասպանութիւն եւ euthanasia» նիւթով, որ ի յայտ բերաւ ընկերային, բժշկական եւ քրիստոնէական դիտանկիւնները։ Յետմիջօրէին տեղի ունեցան զանազան խաղեր, մարզական մրցումներ, ինչպէս նաեւ նաւաւարութիւն։

Երեկոյեան, բանավէճ տեղի ունեցաւ «Պատերա՞զմ թէ խաղաղութիւն» նիւթին շուրջ, հարց տալով «Զէնք վերցնե՞լ թէ ոչ», դէմ եւ թեր կեցուածքներ ներկայացուցին Վիգէն Գրիգորեան եւ Նորա Զոպոյեան, եզրափակելով՝ թէ Խաչն ու զէնքը անբաժան եղած են մեր ներկայ ու անցեալի պատմութեան մէջ։

Շաբաթ գիշերուան ընկերային զուարթ պահը առաւել խանդավարուեցաւ DJ Վազգէնի ընկերակցութեամբ։

Կիրակի առաւօտ տեղի ունեցաւ Ժամերգութիւն եւ քարոզ, խօսուած՝ Յարութիւն Սրկ. Կիւլոյեանի կողմէ, Եկեղեցւոյ կառոյցին մասին, երիտասարդներուն բացատրելով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ճարտարապետութեան իւրայատկութիւնն ու իմաստը։ Ապա, Մհեր Քիւփէլեան ներկայացուց իր անձնական վկայութիւնն ու փորձառութիւնը՝ «Հանդիպում Քրիստոնեայ Քիւրտերու եւ Թուրքերու հետ» նիւթին մասին, երիտասարդները փոխադրելով Իզմիրէն դէպի Վան, պատմելով իր ունեցած հանդիպումներուն մասին, իրենց ինքնութիւնը փնտռող հայերու, նորադարձ քրիստոնեայ թուրքերու եւ քիւրտերու հետ։

Համագումարը աւարտեցաւ երիտասարդներուն փոխանձելով ու ամրապնդելով Հայ Քրիստոնէական արժէքներ, ընկերային եւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծելով իրենց մօտ։ Քրիստոնէական եւ Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդներուն յառաջիկայ  ծրագիրներուն մասին կրնաք հետեւիլ Facebook-ի «AREC (Armenian Religious Education Council)» էջին վրայ։

Նորա Զոպոյեան



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us