27 Aug ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԽՈԿԱՌՆՈՒՄ
Տնօրինութեամբ եւ նախագահութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի եւ մասնակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասուն, 25-27 Օգոստոս 2021-ին, տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Հոգեւորականաց Խոկառնումը, որ հոգեպէս վերանորոգուելու ու սպառազինուելու լաւագոյն առիթն է՝ վերալիցքաւորուած ու զօրացած լծուելու հովուական, եկեղեցական ու ազգային առաքելութեան, մանաւանդ նկատի ունենալով մեր ժողովուրդի ու երիտասարդութեան հոգեւոր ու ազգային ծով կարիքներն ու անոնց դիմաց ծառացած խնդիրները։
Արդարեւ, Չորեքշաբթի, 25 Օգոստոսի յետմիջօրէին, Խոկառնումը սկիզբ առաւ Երեկոյեան ժամերգութեամբ, որ տեղի ունեցաւ Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, որուն աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց օրուան հոգեւոր խորհրդածութիւնը։ Ան մէջբերելով Պօղոս Առաքեալի Եփեսացիներուն յղած նամակի 4-րդ գլխուն 11-րդ համարը, նշեց, որ քահանայութեան կոչումը ի վերուստ տրուած պարգեւ է, Քրիստոս՝ ինք կ՚ընտրէ իր ծառաները, այնպէս ինչպէս բոլոր ժամանակներուն նահապետները, մարգարէները, առաքեալներն ու աշակերտները, ուստի եւ պէտք է տէր կանգնիլ այդ շնորհքին եւ ամենայն բծախնդրութեամբ ծառայել Աստուծոյ, հայ եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամները, ապա, աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի զօրացնէ իւրաքանչիւրը եւ իր հովանին ամուր պահէ, բոլորին պարգեւելով հաւատքի վահանը, յոյսի տեսլականն ու սիրոյ կայծը։
Ժամերգութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականաց դասու անդամները բոլորուեցան սիրոյ սեղանի շուրջ եւ մտրմիկ պահեր ունեցան իրար հետ։
Խոկառնման յաջորդող երկու օրերը յագեցած էին աղօթքի պահերով, Աստուածաշնչական խորհրդածութիւններով, ժամերգութիւններով, հոգեւոր մտամփոփման պահերով, դասախօսութիւններով ու գործնական աշխատանոցներով:
Մատուցուեցան չորս դասախօսութիւններ։ Առաջին դասախօսութիւնն էր՝ «Հաւատքի դրսեւորումը ինքնութեան մէջ», որ կատարեց Տ. Գառնիկ Աւ.Քահանայ Գոյունեանը, երկրորդ դասախուսութիւնն էր՝ «Այսօր, երիտասարդին ի՞նչ կը հրամցնենք» նիւթը, որ մատուցեց Գերապատիւ Տ. Վարդան Ծայրագոյն վարդապետ Թաշճեան։ Երրորդ նիւթն էր՝ «Գանատածին երիտասարդին կրօնական կենսաբանական հիմքը», որ մատուցեց Տոքթ. Տ. Վահան Քահանայ Գոյումճեանը, իսկ չորրորդ դասախօսութիւնն էր՝ «Հաւատքը ի՞նչպէս անմիջական դարձնել» նիւթը, որ ներկայացուց Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան։
Հոգեւոր խորհրդածութիւններ ներկայացուցին Հոգեշնորհ Տ. Գարեգին Վարդապետ Շխրտըմեանը եւ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւ. Քահանայ Միքայէլեանը։
Արծարծուեցան զանազան հովուական, ծիսական եւ վարչական խնդիրներ, զոր օրինակ՝ «Հովիւներու Ուղեցոյցի ներկայացում եւ քննարկում», «Երիտասարդական Պատարագի Քննարկում», «Եկեղեցին կը զբաղի՞ իր ներքին եւ արտաքին կարիքներով», ինչպէս նաեւ «Եկեղեցին կարելիութիւն ունի՞ հասնելու Գանատածին երիտասարդին»։ Քննարկումները, կարծիքներու եւ փորձառութեանց փոխանակումները տեղի ունեցան շինիչ, բովանդակային ու մասնագիտական դրոյթներով։
Նշենք, որ Խոկառնման երկրորդ օրը, Հինգշաբթի, 27 Օգոստոսի օրուան վերջաւորութեան, «Հանգստեան» ժամերգութեան աւարտին, յատուկ աղօթք բարձրացուեցաւ առ Բարձրեալն Աստուած, Արցախի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայութեան խաղաղութեան ու բարօրութեան համար։
Հոգեպարար այս օրերը, Գանատայի Հայոց Թեմի հոգեւորականաց դասուն համար առիթ հանդիսացաւ ի մի խմբուելու, Աստուծոյ հետ ըլլաու եւ բաժնեկցելու իրենց մտորումները, խորհրդածութիւններն ու ներշնչումները, եւ վերանորոգ յանձնառութեամբ վերադառնալու իրենց համայնքները եւ շարունակելու ծառայութիւնը՝ նոր աւիւնով եւ յանձնառութեամբ։