Paradon 2017

Հայեցի Դաստիարակութեան Խորհուրդի
Մանուկներու Փառատօնը՝ աւարտեց Վեցերորդ տարին

Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի Հայեցի Դաստիարակու­թեան Խուրհուրդի կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 18 Փետրուար 2017-ին, «ՀՄԸՄ Արամ Մարգարեան» Մարզասրահէն ներս տեղի ունեցաւ Մանուկներու Փառատօնը՝ 4-12 տարեկան երեխաներուն եւ պատանիներուն համար:

Փառատօնի տաղաւարներուն եւ աշխատանքներուն թեմաները կը կեդրոնանային հայեցի ձեռային աշխատանքներու վրայ։  

Հայեցի Դաստիարակու­թեան Խուրհուրդը մէկտեղ հաւաքած էր Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի համալիրէն ներս գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւները, ինչպէս՝ ՀՄԸՄ-ի սկաուտները, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութիւնը, Համազգայինը, Սուրբ Յակոբ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցները, Ս. Գէորգ Կիրակնօրեայ դպրոցը եւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը:



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us