image007ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Միջին Արեւելքը աղէտի մէջ է: Շրջանի քրիստոնէութեան գոյութիւնը կը գտնուի սպառնալիքին առջեւ արմատախլուելու: Ասիկա պատճառ է խիստ մտահոգութեան եւ մտատանջութեան: Սուրիոյ սոսկալի տագնապին վրայ եկած ու աւելցած է Իրաքի կացութիւնը: Ահա այս իրականութեան առջեւ, Գանատայի Միջին Արեւելեան եկեղեցիները, որոնք ցարդ չափազանց զգոյշ էին, որոշեցին միացեալ կեցուածքով ներկայանալ երկրիս քաղաքական իշխանութեան, ու նաեւ հրապարակ գալ:

Եկեղեցիներն են. Մարոնիները, Ասորի Ուղղափառները եւ Կաթողիկէները, Անտիոքեան Ուղղափառները, Մելքիթները, Հայ Առաքելականները, Կաթողիկէները եւ Աւետարանականները, Ղպտի Ուղղափառները եւ Կաթողիկէները, եւ Քաղդէա-կանները:

Երկուշաբթի, 11 Օգոստոս 2014-ի երեկոյեան, Մարոնի Առաջնորդարանին մէջ, Մոնթրէալ, գումարուած առաջին ժողովով, նախ որոշում առնուեցաւ նամակ ղրկել Գանատայի Վարչապետ՝ Նորին Վսեմութիւն Պրն. Ստեֆըն Հարփըրին, եւ Գանատայի Կրօնական Ազատութեան Գրասենեակի Դեսպան՝ Դոկտ. Անտրու Պէնէթին: Ապա ժողովը որոշեց մամլոյ ասուլիս մը տալ Մարոնի Առաջնորդարանի յարկէն ներս, նաեւ միջ-եկեղեցական արարողութիւն մը կատարել Մելքիթներու Սէն Սօվէօր Մայր Տաճարին մէջ, եւ ետքը՝ հսկումի համար ուղղուիլ Մարսըլէն Ուիլսընի Յուշարձան, որ կանգնեցուած է ցեղասպանութիւններու յիշատակին:

Վարչապետին ուղղուած Երկուշաբթի, 11 Օգոստոս 2014 թուակիր նամակը կ’անդրադառնայ Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեաներու ահաւոր կացութեան, եւ կը խնդրէ, որ կառավարութիւնը անմիջական օգնութեան ձեռք երկարէ, թէ՛ գոյատեւման կարիքներ հոգալու համար, եւ թէ՝ օսմանական ու նացիական  հոգեբանութեամբ բռնութիւնները կասեցնելու: Նամակին մէջ նաեւ կայ խնդրանք Նորին Մեծայարգութեան ներկայանալու եւ կացութիւնը պարզելու:

Դոկտ. Պէնէթին նոյն թուականով ուղղուած նամակը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար շուտափոյթ օգնութիւն եւ պաշտպանութիւն կը խնդրէ: Նաեւ՝ դիւանագիտական անհրաժեշտ քայլեր, որպէսզի բարբարոս արիւնահոսութիւնը դադրի եւ Միջին Արեւելքի մէջ համերաշխութիւնը վերահաստատուի:

Ուրբաթ, 22 Օգոստոսի առաւօտեան ժամը 11.00-ին, Մարոնի Առաջնոր-դարանին մէջ մամլոյ ասուլիսը տեղի ունեցաւ: Եկեղեցիներուն անունով խօսնակն էր Մարոնի Առաջնորդ՝ Գերշ. Մարուան Եպս. Թապէթ: Առաջնորդ Սրբազանը թղթակիցներուն բացատրեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն վիճակը, եւ սպառնալիքներու, արեւանգումներու, սպանութիւններու եւ աքսորի իրականութիւնը: Նաեւ յանուն Գանատայի Միջին-արեւելեան եկեղեցիներուն՝ կոչ ուղղեց Գանատայի Կառավարութեան մարդասիրական ձեռք երկարելու:

Կիրակի, 24 Օգոստոսի երեկոյեան ժամը 5։30-ին, Սէն Սօվէօր Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութիւն, մասնակցութեամբ եկեղեցիներու Առաջնորդներուն, ներկայացուցիչներուն եւ խուռն բազմութեան մը, որոնք ապա ուղղուեցան դէպի Լիբանանեան Համայնքին կառուցած յուշարձան, ուր տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն։ Արարողութեան եւ հսկումին ներկայի էին քաղաքական դէմքեր, թէ՛ քաղաքապետական, թէ՛ նահանգային եւ թէ հասարակապետական. յատկապէս յիշատակելի է ներկայութիւնը Մեծայարգ Նախարար՝ Պրն. Ճէյսըն Քէնիի:

Ստիպողական են մարդասիրական օգնութիւնները, եւ կասեցումը Իսլամական ծայրայեղականութեան կողմէ մարդկային իրաւանց խողխողումին:

Կը տեղեկացնենք, թէ վերոյիշեալ ծիրին մէջ, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմին, իրենց մասնակցութիւնները բերին, Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Աբղ. Թաշճեան, Ներկա-յացուցիչ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդին, Արժանապատիւ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեան, ատենապետ Կրօնական Ժողովն, Արժանապատիւ Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Գամայեան, Բարեշնորհ Յակոբ Աւ. Սարկաւագ Գասպարեան եւ Ազգային Վարչութեան Ատենադպիր պրն. Յակոբ Պուլկարեան։

ԴԻՒԱՆ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ
ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻՆ