ՀԱՅՐԱԿԱՆ ԽՕՍՔ
2021 ՏԱՐՈՒԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ
 
Քրիստոնէական ջերմ սիրով ու հայրական օրհնութեամբ կ՚ողջունեմ ձեզ՝ սիրելի շրջանաւարտներ, Մանկազարտեզէն մինչեւ Նախակրթարան ու Երկրորդական, ինչպէս նաեւ համալսարանի՝ Պսակաւոր, Մագիստրոս կամ Տոքթորայի ուսանողներ:
Առաջին հերթին, կ՚ուզեմ իմ գնահատանքս յայտնել բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք սրբազան առաքելութիւնը ունին կրթութիւն եւ գիտութիւն ջամբելու, իսկ հայ ուսուցչական դասը, առաւել յանձնառութիւն մը՝ աւանդում հայեցի ոգիին:
Ձեր բոլորին վարձքը կատար:
Շնորհակալութիւն բոլոր բարերարներուն ու կառոյցներուն, որոնք զօրավիգ կը կանգնին եւ առատաձեռնօրէն կը սատարեն, որպէսզի Հայ դպրոցը կանգուն մնայ եւ կատարելապէս իրականացնէ իր կոչումը:
Սրտանց կը շնորհաւորեմ ձեզ, սիրելի ծնողներ: Ձեր զաւակները տարբեր աստիճանի Վկայականներ առին ու կրթական եւ ուսումնական աւելի բարձր հանգրուան մը թեւակոխեցին: Շատեր բարձրագոյն վկայականներու տիրացան: Այնպէս ինչպէս դուք ուրախացաք ձեր զաւկակներուն յաջողութեամբ, մենք եւս, այսօր ուրախ ենք եւ առաւել եւս պիտի հպարտանանք վաղը, մեր ազգի զաւակներու յաջողութիւններով։
Իմ խօսքս կ՚ուղղեմ ձեզի առաջին հերթին Ազգային եւ հայկական դպրոցներու սիրելի շրջանաւարտներ, երջանիկ զգացէ՛ք, որ Հայ դպրոց կը յաճախէք: Հայ դպրոցին մէջ դուք հայ լեզուին, պատմութեան եւ մշակոյթին կը մտերմանաք եւ անով կը կազմաւորուիք ու կը մեծնաք, կ՚աճիք ու կը զարգանաք։ Շարունակեցէ՛ք բարձրանալ Հայ դպրոցի այս ճանապարհին վրայ:
Երկրորդ, անոնք որոնք յաջորդ հանգրուանին պիտի անցնին եւ աւելի բարձր ուսման պիտի հետեւին այլ համալսարաններու մէջ, իմ թելադրանքս է, որ անդադար հետամուտ ըլլաք կրթութեան, եւ գիտութեան, որպէսզի զինուիք եւ վաղը կարենաք դիմագրաւել ամէն տեսակի մարտահրաւէր, սակայն միշտ գիտակից եղէք ու կառչած մեր արմատներուն, այսինքն՝ հաւատարիմ մեր լեզուին, մշակոյթին, պատմութեան, մէկ խօսքով մեր ինքնութեան։
Վերջապէս, բարձր ուսման հետեւած եւ տարբեր վկայականներու արժանացած շրջանաւարտներ։ Ձեր առջեւ կեանքի նոր փուլ մը կը բացուի, այլեւս դուք աշակերտ չէք, ուսանող չէք, այլ դուք ձեր դաստիարակներն էք։ Նոր յոյսով եւ նոր խանդով ու մանաւանդ նուիրումով պիտի լծուիք աշխատանքի։ Մի վախնա՛ք երբեք, անվարան սկսէք նոր ճանապարհորդութեան, միշտ տեսլական ունենալով, նպատակադրուած կեանք ապրելու եւ նորանոր նուաճումներ ապահովելու։ Սակայն միշտ յիշելով, որ հայութեան հանդէպ պարտաւորութիւն ունիք, իբրեւ արժանաւոր հայ ազգի զաւակներ ձեր հաւատարմութիւնը դրսեւորելու, ի վերջոյ կառչած մնալու մեր սրբազան արժէքներուն եւ մանաւանդ տէրը մնալու մեր արդար ու անժամանցելի իրաւունքներուն։
 
 
Քրիստոնէական ջերմ սիրով,
Աղօթարար՝
Բաբգէն Արքեպիսկոպոս
Առաջնորդ
Գանատայի Հայոց Թեմի