Manoir Cartierville – July 14, 2017

ԲԱԲԳԷՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ MANOIR CARTIERVILLE

Ուրբաթ, 14 Յուլիս 2017-ին, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս, այցելեց Manoir Cartierville, ընկերակցութեամբ Հայ Օգնութեան Միութեան Սօսէ Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ տիկին Լիւսի Շահինեանի եւ Հոգեշնորհ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանի։

Ծերանոցին մէջ Սրբազան Հօր դիմաւորեցին Հայ Օգնութեան Միութեան Սօսէ Մասնաճիւղի «Տարեցներ Այցելող Յանձնախումբը» եւ բարի գալուստ մաղթեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր։ Ապա, տարեցները աղօթքներով եւ երգերով ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեցին։

Բաբգէն Սրբազան հանդիպեցաւ իւրաքանչիւր տարեցի հետ անձամբ, ծանօթացաւ անոնց եւ ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց ըսելով. «Մենք պէտք է սորվեցնենք մեր երիտասարդ սերունդին, յարգել մեծերը։ Աւետարանը կ՚ըսէ, «պատուէ հայրդ ու մայրդ», որովհետեւ եթէ մենք այսօր չպատուենք մեր ծնողներն ու տարեցները, ապագայի հաշուով մեր զաւակները նոյն վերաբերմունքը պիտի ցուցաբերեն մեր նկատմամբ։

Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ կարեւորեց, որ հայրերուն եւ մայրերուն աղօթքին ու օրհնութեան կարիքը ունինք, յաջող եւ օրհնաբեր կեանք մը ապրելու։ Բաբգէն Սրբազան իւրաքանչիւր տարեցի «խաչ» մը նուիրեց եւ աղօթագիրք բոլոր ծառայող ՀՕՄ-ուհիներուն։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us