His Holiness Aram I Visited the Armenian and Lebanese Embassies in Ottawa

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ
ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ

1

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ, Գանատա տուած պաշտօնական կարճատեւ այցելութեան ընթացքին, ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, Օթթաուայի մէջ այցելեց Հայաստանի դեսպանատունը, ուր ընդունուեցաւ Դեսպան Արմէն Եկանեանի եւ դեսպանատան աշխատակազմին կողմէ:

Դեսպանը Նորին Սրբութեան տեղեակ պահեց դեսպանատան տարած աշխատանքներուն մասին, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ մշակութային մակարդակներու վրայ: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին շեշտեց հայ եւ գանատացի ժողովուրդներուն բարեկամութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ գնահատեց դեսպանին ու դեսպանատան աշխատակազմին գործունէութիւնը՝ հայ ժողովուրդը եւ մշակոյթը ծանօթացնելու Գանատայի հանրութեան:

Ապա, Նորին Սրբութիւնը այցելեց Գանատայի մէջ Լիբանանի դեսպանատունը, ուր դիմաւորուեցաւ Դեսպանատան Գործակատար Սամի Հատտատին եւ աշխատակազմին կողմէ: Գործակատար Հատտատ բարի գալուստ մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին ու իր երախտագիտութիւնը արտայայտեց, որ հակառակ իր կարճ այցելութեան առիթ գտաւ եւ այցելեց դեսպանատուն: Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին ջերմ ընդունելութեան համար:

DSC_1035 DSC_1043

2



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us