Hasserjians donates bronze sculpture to Prelacy

Տէր եւ Տիկին Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեան
Առաջնորդարանին կը նուիրեն $292,825 արժող քանդակ մը

Տէր եւ Տիկին Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեաններ Ազգային Առաջնորդա-րանին նուիրեցին արուեստագէտ Կարէն Պետրոսեանի “Tree of Life” քանդակը, որ արուեստաբան Eric Devlin-ի կողմէ արժեւորուած է $292,825։ Պրոնզէ քանդակը կը կշռէ 235 քիլոկրամ եւ 400x300x450 սանթիմեթր բարձրութեամբ։

Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Հասըրճեան ամոլին եւ տեղեկացուց, թէ Մոնթրէալ Քաղաքի 375 ամեակին առիթով, քանդակը պիտի նուիրուի Քաղաքապետարանին, որպէս երախտագիտութիւն եւ խորհրդանիշ Քաղաքապետին ու քաղաքին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով իրենց ցուցաբերած բարիացակամ կեցուածքին համար։

Արդարեւ, իր տեսակին մէջ այնքան գեղեցիկ այս արուեստի գործը, ինքնին ցայտուն ցուցանիշ մը պիտի դառնայ հանրութեան առջեւ, թէ հայը իր ստեղծագործ, շինիչ եւ մեղուաջան աշխատանքով ու կեանքին նկատմամբ իր լաւատես խառնուածքով վերստին կ՚ընձիւղի, կը վերապրի ու կ՚անմահանայ։



If you are interested in volunteering or would like to share an idea and get involved, please contact us